2011-02-17 12:44:03

Սպանիոյ Մէջ Աւելի Քան Մէկ Միլիոն Երիտասարդ Մասնակցողներ Կը Սպասուին Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան։


Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար` գերապայծառ Ժոզէֆ Գլեմանսի գնահատումով՝ աւելի քան մէկ միլիոն երիտասարդներ կը սպասուին Մատրիտի երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան, որ տեղի պիտի ունենայ 16-21 օգոստոս։ Այդ հաւաքին առաջին օրերուն աւելի քան 600 հազար այցելուներ կը սպասուին, իսկ փակման պատարագին աւելի քան մէկ միլիոն երիտասարդ քրիստոնեաներ պիտի մասնակցին։ Գերապայծառ Ժոզէֆ Գլեմանսի համաձայն Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կազմակերպութիւնը մեծ յառաջդիմութիւն կատարած է։ Ան իր համոզումը յայտնած է թէ սպանացի երիտասարդներու խոր հաւատքն ու եռանդը մեծապէս պիտի տպաւորէ այցելու երիտասարդները։ Սպանացի Եկեղեցին մեծ շեշտ մը պիտի դնէ ճանապարհ խաչի բարեպաշտական արարողութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.