2011-02-17 12:34:42

Պահրէյն- Իրան-Լիպիա։ Ցոյցերը Կը Շարունակուին։


ՊԱՀՐԷՅՆ։ Պահրէյնի մէջ ցուցարարներ երէկ հաւաքուեցան մայրաքաղաք Մանամայի կեդրոնը՝ սգալու համար ապահովական ոպւժերու հետ բախումներուն ընթացքին արձանագրուած զոհերը։ Աւելի քան հազար ցուցարարներ միացան երեքշաբթի օր ապահովական ուժերուն կողմէ սպաննուած շիի անձի մը թաղման թափօրին։
Երկու հազար այլ ցուցարարներ հաւաքուեցան Մանամայի հրապարակներէն մէկուն վրայ, հետեւելով Գահիրէի Ազատագրութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցերուն օրինակին։ Անոնք կառավարութեան փոփոխութիւնը պահանջեցին երկրի մը մէջ ուր սիւննի ընտանիք մը կ՚իշխէ շիի մեծամասնութեան վրայ։
Ցուցարարները ներկայ վարչապետ շէյխ Խալիֆա պըն Սալման Ալ Խալիֆայի հրաժարականը կը պահանջեն։ Անոնք առայժմ թագաւորին տապալումը չեն պահանջեր։
ԻՐԱՆ։ Իսկ Իրանի պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց որ իրանցի երեսփոխաններ արդարադատութեան կոչ ուղղած են՝ զոհ եւ տասնեակներով վիրաւորներ պատճառած ցոյցի լոյսին տակ Իրանի ընդդիմադիր ղեկավարներուն դէմ մահապատիժ սահմանել։ Երկուշաբթի օր ապահովական ուժերու եւ ընդդիմութեան համակիր ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցան։ Ցուցարարները Եգիպտոսի եւ Թունուզի ժողովրդական ըմբոստութեանց զօրակցող հաւաք մը կը կատարէին։ ՝՝ԻՐՆԱ՝՝ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ երեսփոխանները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած են որ , ընդդիմադիր ղեկավարներ Մեհտի Քարուպի եւ Միրհոսէյն Մուսաւի երկրի վրայ փտածութիւն տարածողներ են եւ պէտք է դատուին։ ՝՝Երկրի վրայ փտածութիւն տարածողներ՝՝ եզրը Իրանի մէջ քաղաքական այլախոհներու դէմ կ՚օգտագործուի եւ մահապատիժ կ՚ենթադրէ։
Հուսկ ԼԻՊԻՈՅ մէջ նոյնպէս բախումներ ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ։ Լիպիացի մտաւորականներ, համալսարանական դասախօսներ, բժիշկներ, փաստաբաններ, ճարտարապետներ, նախկին քաղաքական գործիչներ եւ զինուորականներ Քատտաֆիէն պահանջեցին ,հրաժարիլ իշխանութենէն եւ խաղաղ անցումային շրջան մը ապահովել։ Ըստ Ալ-Ժազիրա պատկերասփիւռի կայանին լիպիացի ժողովուրդը կը ձգտի ժողովրդավարական բարեփոխումներու որոնք կրնան կատարուիլ առանց բռնի ուժի եւ քաղաքակիրթ միջոցներով ։







All the contents on this site are copyrighted ©.