2011-02-17 11:52:27

ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԻՒՆ


Մեր ժամանակակից սերունդը պահեցողութիւն ըսելով թերեւս կը հասկնայ մսեղէնէ, կաթնեղէնէ եւ ամէն տեսակի կենդանական արտադրութենէ հրաժարիլ։ Ասիկա սակայն պահքի մասին ուշ ժամանակներուն եւ քաղքենի դասակարգին ըմբռնումն է։ Սկիզբէն այդպէս չէ եղած։ Ըստ Աստուածաշունչի տուեալներուն, պահեցողութիւնը սուգի եւ ցաւի շրջան մըն է, ինքնազրկանք մը՝ կամ ինքզինքին տրուած կամաւոր պատիժ մը, որ կ՚ իրագործուէր որոշ ժամանակ մը ամբողջովին հրաժարելով ուտելէ եւ խմելէ, ինչպէս նաեւ՝ ամէն տեսակի ՀԱՃՈՅՔէ։ Կարեւոր է այս վերջին պարագան, այսինքն՝ հրաժարիլ նաեւ հաճոյքէ, որովհետեւ պահք եւ հաճոյք իրարու հակադիր երեւոյթներ են, եւ հետեւաբար կարելի չէ երեւակայել պահեցողութիւն մը, որուն կ՚ընկերանայ նաեւ խաղ, ուրախութիւն եւ պար։ Ուրեմն կրօնական նպատակով ինքզինքին պարտադրուած որեւէ զրկանք պահեցողութիւն է։
Պահքէն անբաժան էր ԱՂՕԹՔԸ Եթէ ուսումնասիրենք Սուրբ Գիրքը, պիտի տեսնենք, թէ ուր որ պահքի մասին հրաման կը տրուի՝ կը յանձնարարուի միաժամանակ աղօթքը։ Երբ մարդիկ պահեցողութիւն կ՚ընեն, միաժամանակ կը կիրարկեն նաեւ աղօթքը։ Պահքը սակայն հետզհետէ աւելի կիրարկելի դարձաւ, իբրեւ ապաշխարանքի նշան եւ արտայայտութիւն







All the contents on this site are copyrighted ©.