Տիմիթրի Մետվետեւ՝ Ռուսիոյ նախագահը, երկօրեայ այցելութիւն կը կատարէ Հռոմ՝ 16 եւ 17
փետրուարին, մասնակցելու` Իտալիոյ նախագահ Ճորճօ Նաբոլէթանոյի հետ ՜՜Ռուսական լեզուն
եւ մշակոյթը իտալիոյ մէջ՝՝ ու ՜՜Իտալական լեզուն ու մշակոյթը Ռուսիոյ մէջ՝՝ Տարւոյն
բացման արարողութեան։ Իսկ 17 փետրուարին նախատեսուած է, Մետվետեւի հանդիպումը՝ Պենետիկտոս
ԺԶ սրբազան Քահանայապետին հետ։