2011-02-16 12:42:27

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Յատուկ Քարտուղարը՝ Գերյարգելի Կիոր Կէնզուայն Արժանացաւ Պատւոյ Տոքթորայի Տիտղոսին։


Իտալիոյ Բերուճա քաղաքի ՚Օտար լեզուներու Համալսարանը, 15 փետրուարին Գերյարգելի Կիոր Կէնզուայնին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յատուկ քարտուղարին շնորհեց միջագգային ընկերային հաղորդամիջոցներու պատուոյ Տոքթորայի տիտղոսը։ Այս առթիւ Գերյարգելի Կէնզուայն ՜՜վարդապետական ճառ՝՝ին մէջ անդրադարձաւ Վատիկանի Եւ Իտալիոյ միջեւ ստորագրուած՝ ՜՜Լատերանեան դաշինքի՝՝ կանոնական պարունակութիւններուն, եկեղեցւոյ ազատութեան, կրօնի անհատական եւ հաւաքական ազատութեան, եւ Հռոմ քաղաքի սրբազան յատկութեան նիւթերու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.