2011-02-16 12:12:01

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


՜՜Սուրբերու Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ Նիւթին Մասին։
Չորեքշաբթի 16 փետրուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Սուրբերու դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, ներկայացուց սուրբ Յովհաննէս Խաչեան` Սան Խուան Տէ լա Գրուսը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սան Խուան Տէ լա Գրուս` (սուրբ Յովհաննէս Խաչեան) ծնած է 1542-ին եւ քահանայ ձեռնադրուած՝ որպէս կարմեղեան միաբան։ Ան անմիջապէս յարեցաւ Կարմեղի բարենորոգումի ծրագրին, ձեռնարկուած սրբուհի Թերեզա տ'Ավիլլայի կողմէ` ''ի մեծագոյն փառս Աստուծոյ''։
Սան Խուան Տէ լա Գրուս յորջորջուած է որպէս միսդիք վարդապետ կամ հոգեւորութեան աստուածաբան։ Ան նկատուած է սպանացի մեծագոյն քնարերգ բանաստեղծը։ Անոր գործերն են. ''Կարմեղի Լերան Ելքը, Խաւարման Գիշեր, Հոգեւոր Երգ Երգոցը ու Սիրոյ Կիզիչ Կրակը''։ Այդ գործերը կը մատնանշեն, հոգւոյ մաքրազտումի ճանապարհ մը Սուրբ Հոգւոյ խորհրդաւոր ներգործութեամբ՝ մինչեւ Աստուծոյ հետ սիրոյ կապը։ Մաքրազտումը կը սկսի զգայարանքներով եւ կը շարունակուի դիտաւորութեան, յիշողութեան ու կամքի բիւրեղացումով, որ կարելի է տիրանալ հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ միջոցաւ , որոնք կը բարձրացնեն հոգին առ Աստուած։
Տէրը միայն կը մաքրազտէ, եւ մարդը, իր կարգին, պէտք է համագործակցի ձերբազատուելով՝ բոլոր այն բաներէն որոնք հակառակ են Աստուծոյ կամքին եւ ինքզինք` վեհանձնութեամբ տրամադրէ Աստուծոյ ներգործութեան։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, Սան Խուան Տէ լա Գրուս` սուրբ Յովհաննէս Խաչեան եղաւ երգիչը Աստուածային Սիրոյ, ան կը քաջալերէ մեզ վճռականօրէն ընթանալու մեր սրտի ու կեանքի բիւրեղացումի ճանապարհին վրայ, հանդիպելու համար Քրիստոսի լոյսին, հակառակ մեր մարդկային տկարութիւններուն։ Սրբութիւնը, ընդգծեց Պենետիկտոս ԺԶ.Սրբազան Քահանայապետը, առանձնաշնորհում մը չէ կարգ մը անհատներուն, այլ ամէն քրիստոնեայ կանչուած է սրբութեան։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը՝ զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց զանոնք ընդունելու Սան Խուան Տէ լա Գրուսի` (սուրբ Յովհաննէս Խաչեանի) պատգամը` խորացնելով քրիստնէական կեանքը ու փորձարկելով աստուածաբանական առաքինութիւնները` աղբիւր կեանքի ճշմարիտ բարեփոխումին ու յառաջդիմութեան։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն հրաւիրելով զանոնք իրենց սիրտը բանալու Յիսուսին ու ծաւալելու Յիսուսի ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.