2011-02-16 12:42:14

Կարտինալ Սանտրի Կը Մաղթէ Որ Եգիպտոսը Քրիստոնեաներուն Համար Չդառնայ ''Նոր Իրաք'' Մը ։


Եգիպտոսը որ կը պատրաստուի մտնելու քաղաքական նոր հանգրուանի մը մէջ, նախագահ՝ Հոսնի Մուպարաքի հրաժարումէն ետք, պէտք չէ դառնայ հանդիսավայրը քրիստոնեաներու զանգուածային փախուստին, ինչպէս է պարագան Իրաքի Սատտամ Հիւսէնի վարչակարգի անկումէն ետք, յայտարարած է կարտինալ Սանտրին` կառավարիչը Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին, Ռատիովատիկանին հետ ունեցած ելոյթով, մատնանշելով որ Իրաքը առանց քրիստոնեաներու բոլորովին փոխուած է, նոյնիսկ մահմետական իրաքցիները այդ կը հաստատեն։
Կարտինալին գնահատումով ներկայ ժամանակաւոր իշխանութիւնները ու անոնց յաջորդները պէտք է որ երաշխաւորեն անվտանգութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն եւ մասնաւորապէս փոքրամաս քաղաքացիներուն եւ ատիկա պէտք չէ նկատել որպէս առանձնաշնորհում մը, այլ՝ պարզապէս որովետեւ լիիրաւ քաղաքացիներ են։ Շուրջ տասը միլիոն հաշուող Եգիպտոսի ղպտիներուն ձայնը պէտք է լսուի, անոնք յոյսով են որ ՜՜նոր սահմանադրութիւնը՝՝ պիտի շարունակէ երաշխաւորել հիմնական իրաւունքները անհատներուն եւ մասնաւորապէս՝ ՜՜ ազատութեան ու հաւասարութեան՝՝ սկզբունքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.