2011-02-16 12:17:23

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ
Աւետիս Ահարոնեան
(1866-1948).


 77 տարի առաջ Փետրուար 11ը՝ծանր ու ցնցիչ օր մը եղաւ հայ ժողովուրդի ազատատենչ ու հայրենաբաղձ բազմութիւններուն համար։ Արդարեւ 1934ի այդ օրը, Մարսէյլի մէջ, Համազգայինի կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին, աւելի քան երկու հազար հանդիսականներու ներկայութեան, օրուան պատգամաբերը բեմին վրայ չկրցաւ աւարտել իր խօսքը որովհետեւ ուղեղի կաթուածը յաւիտենական լռութեան կը մատնէր Աւետիս Ահարոնեանը՝ Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան անզուգական Երգիչը։

Անոր արտասանած վերջին բառը եղաւ Հայ բա...նա...կ...ը։

Բազմաշնորհ մեծութիւն դառնալու կոչուած էր, ի վերուստ, Իգդիրմաւա (Իգդիրի գիւղերէն) ապրող դարբին Առաքել Ահարոնեանի յարկին տակ ծնած Աւետիսը, որուն մայրը՝ Զարդար գիւղի միակ կարդալգրել գիտցող կինը եղած է։ Հօր վաղահաս մահուան (1878) հետեւանքով՝ Ահարոնեան կարճ ժամանակ մը կը ստիպուի ընդհատել Իգդիրի նախակրթարանէն ներս իր ստացած ուսումը եւ աշխատիլ, բայց ուսումնատենչ պատանիին ընդունակութեանց քաջածանօթ տնօրէնը՝ Դաւիթ Քալանթար կը միջնորդէ եւ,իր հոգատարութեան տակ, ոչ միայն Իգդիրի նախակրթարան կը վերադարձնէ Ահարոնեանին, այլեւ կը դասաւորէ, որ ան ընդունուի Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարան։

Ճեմարանի յեղափոխաշունչ մթնոլորտին մէջ թրծուեցաւ Ահարոնեանի միտքն ու հոգին եւ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ազատագրութեան պայքարի հունով ընթացաւ, այնուհետեւ, Ահարոնեան գրողին եւ ազգային գործիչին ողջ կեանքը։

Ճեմարանը աւարտելէ ետք, Ահարոնեան քանի մը տարի ուսուցչութիւն ըրաւ եւ 1897ին մեկնեցաւ Լօզան (Զուիցերիա), ուսումը շարունակելու համար։ Ինչպէս ինք կը վկայէ, Ահարոնեան Զուիցերիա գնաց՝ Դաշնակցութեան հիմնադիր Քրիստափորի յորդորներուն անսալով։ Այդ շրջանին Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ Դրօշակը լոյս կը տեսնէր Ժընեւի մէջ եւ Քրիստափոր, մեծ համարում ունենալով Ահարոնեանի գրական ընդունակութեանց վրայ, կուզէր ապահովել տաղանդաւոր գրողին աշխատակցութիւնը՝ հայկական յեղափոխութեան ոգին ու պատգամը շնչաւորող գրական ստեղծագործութիւններով։ Ուսման կողքին, Ահարոնեան սկսաւ լոյս ընծայել Ղարիբ ստորագրութեամբ անմոռանալի պատմուածքներ, որոնք արագօրէն հայ մարդոց սիրտն ու միտքը գրաւեցին եւ յեղափոխական շունչ ու ոգի ներարկեցին յատկապէս երիտասարդ սերունդին։ Դրօշակի էջերուն լոյս տեսած պատմուածքներու այդ շարքը հետագային ի մի բերուեցաւ եւ Ազատութեան Ճանապարհին անուն հատորով հրատարակուեցաւ։ Իր այդ գործով ալ, մեծն Րաֆֆիէն ետք, Ահարոնեան եղաւ հայ արձակի այն վարպետը, որ ամբողջ սերունդներ ոգեւորեց ու դաստիարակեց Հայոց Ազատամարտի անշէջ հուրով։

Լօզանէն ետք Ահարոնեան անցաւ Փարիզ, աւելի քան տարի մը հետեւեցաւ Սորպոնի համալսարանին գրականութեան դասընթացքներուն եւ 1902ին վերադարձաւ Թիֆլիս՝ նախ Ներսիսեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնելու, ապա՝ Հ.Յ.Դ. շրջանային պաշտօնաթերթ Մուրճի խմբագրութիւնը ստանձնելու համար։

Ազգային եւ հանրային իր եռուն գործունէութեամբ, մանաւանդ հայ ազգայինազատագրական պայքարին իր ամբողջական նուիրումով, Ահարոնեան անմիջապէս արժանացաւ մեր ժողովուրդի միահամուռ յարգանքին, բայց նաեւ թիրախ դարձաւ ցարական իշխանութեանց հակայեղափոխական հալածանքներուն։ Եւ երբ Ցարիզմը 1909ին ձեռնարկեց Դաշնակցութեան գլուխը ճզմելու քայլին եւ բանտերը նետեց ատենի երեւելի հայ մտաւորականները հարիւրներով, դաշնակցական ըլլային անոնք թէ ոչ, Ահարոնեան եղաւ առաջին բանտարկուողներէն մէկը։ Մետեխի բանտային ծանր պայմանները քայքայեցին անոր առողջութիւնը։ 1911ին, երաշխաւորութեամբ ազատ արձակուելով, Ահարոնեան անցաւ Պոլիս եւ հոնկէ Եւրոպա, բուժուելու համար։

Կազդուրման այդ տարիները եղան նաեւ գրական-ստեղծագործական եւ քաղաքականյարաբերական գործունէոթեան բեմնաւոր շրջան մը։

Առաջին Աշխարհամարտի նախօրէին Ահարոնեան վերադարձաւ Անդրկովկաս եւ տենդագին լծուեցաւ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումին։ Եւ 1917ին, երբ Թիֆլիսի մէջ գումարուեցաւ Հայոց Ազգային առաջին Համագումարը, Անդրանիկի հետ Ահարոնեան ստանձնց համագումարին նախագահութիւնը։ Այնուհետեւ ղեկավարեց Համագումարէն ստեղծուած Հայոց Ազգային Խորհուրդը եւ հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման մէջ։ Ստանձնեց Հայաստանի խորհրդարանին նախագահութիւնը, ապա՝ ամբողջապէս նուիրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, դիւանագիտական յարաբերութեանց եւ դժուարին բանակցութեանց ղեկավարման գործին։
Նշանակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութեան նախագահ եւ այդ հանգամանքով իր ստորագրութիւնը դրաւ 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի Դաշնագրին տակ։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք, երկար տարիներ, կանգուն պահեց արդէն տարագիր դարձած Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը՝ ամէնուր իրաւատէր ու պահանջատէր ներկայանալով Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի անժամանցելի դատին։

Այդպէ՛ս ապրեցաւ ու գործեց, գրականութեան մէջ թէ քաղաքական իր աշխատանքներու ընթացքին, Հայոց Վշտի եւ Ազատութեան անզուգական երգիչը։ Աւետիս Ահարոնեան պատուով տարաւ բազմաչարչար մեր ժողովուրդին արդարութեան եւ ազատութեան կանչը աշխարհին լսելու դարձնելու պատասխանատու առաքելութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.