2011-02-16 11:08:15

Առաջաւորաց Պահքը եւ Ս. Սարգիսի Տօնը։


Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ սահմանուած առաջին պահքը կը կոչուի Առաջաւորաց պահք։ Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէն ետք 65 օր քարոզեց աղօթքով՝ Կենաց բանին քարոզութեամբ հայ ժողովուրդը պատրաստելու համար։ Վերջին հինգ օրերուն համար ծոմ նշանակեց ի յիշատակ Հայաստանի լուսաւորութեան։ Այս սկզբունքով Առաջաւորաց պահքը նկատուեցաւ հայոց առաջին ազգային պահքը։ Այս տարի Առաջաւորաց պահքը կը զուգադիպի 14-19 փետրուարին։ Առաջաւորաց պահքի ժամանակ եկեղեցւոյ մէջ Գիրք կամ Աւետարան չեն կարդար եւ պատարագ չի մատուցուիր, որովհետեւ Առաջաւորաց պահքի մէջ խորհրդաբար Ադամի անկումը կը յիշատակուի։ Ադամի ժամանակ «Գիրք եւ մարգարէներ» գոյութիւն չունէին։ Իսկ ուրբաթ օրը կը կարդացուի Յովնանի մարգարէութիւնը՝ Նինուէի ազատութեան համար։
Առաջաւորաց պահքի շաբաթ օրը Ս. Սարգիս զօրավարի յիշատակն է։ Ոմանք Առաջաւորաց պահքը կը շփոթեն Ս. Սարգիսի տօնին հետ եւ թիւրիմացաբար կը կոչեն Ս. Սարգիսի պահք։












All the contents on this site are copyrighted ©.