2011-02-15 12:50:49

Ռատիովատիկանի Ընդհանուր Տնօրէն Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը


՜՜Ճարտարարուեստ եւ առաքելութիւն։ 80 Տարի՝՝
՜՜Իմ ստեղծագործութիւններս եղած են մարդեղութեան ազատագրութեան ի նպաստ եւ ոչ թէ անոր կործանումին՝՝։ Այս բառերը հանդիսացան մեծ գիտնական եւ գիւտարար Կուլիէեմօ Մարքոնիի կեանքի բնաբանը։ Ռատիոյի միջոցաւ կարելի եղաւ փրկել`ալեկոծ ծովերու զոհ ճամբորդական նաւերու վրայ գտնուող շատ մը անձերու կեանքը ու այս եղաւ Մարքոնիի ստեղծագործութեան առաջին արժանիքներէն մին։
80 տարիներ առաջ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Քահանայապետը բացումը կը կատարէր Վատիկանի Ռատիոկայանին` որ ստեղծուած էր գիւտարար Մարքոնիի ջանքերով , որպէս նոր միջոց Եկեղեցւոյ առաքելութեան ի սպաս։
Գուցէ հազուաթիւ են Մարքոնիի այն գիւտերը որոնք կարողացան մարմնացնել` ինչպէս Ռատիոյի պարագային` անոր գաղաբարականը։
Սփռել Ռատիոյի միջոցաւ՝ Քահանայապետերու ՜՜Խաղաղութեան Պատգամները՝՝ պատերազմէն տառապող աշխարհի մը մէջ, ինչպէս Պիոս ԺԱ. Պիոս ԺԲ. եւ Յովհաննէս ԻԳ. քահանայապետերու ժամանակ։
Ռատիոյի միջոցաւ բանտարկեալներուն եւ պատերազմի հետեւանքով կորսուած՝ անձերուն հազարաւոր լուրեր հասցնել իրենց ընտանիքներու անդամներու կողմէ։ Զօրակցիլ եւ մխիթարել աշխարհի զանազան վայրերու մէջ բռնատիրութենէ տառապած եւ հարստահարուած ժողովուրդներուն եւ տեղական եկեղեցիներուն։
Զանազան ցամաքամասերու մէջ ապրող՝ տարբեր ժողովուրդներուն ընդարձակել ճամբորդող քահանայապետներու յոյսի խօսքերը։
Խօսիլ հոգիի արժէքներու մասին, նաեւ՝ Քրիստոսի աւետարանի այժմէականութեան մասին, խաղաղութեան եւ արդարութեան շինարարութեան, քրիստոնեաներու միջեւ միջեկեղեցական երկխօսութեան, մշակոյթներուն, կրօններոուն եւ ժողովուրդներու մասին։
Արդեօք ասկէ աւելի գեղեցիկ առաքելութիւն մը կրնա՞ր յուսալ Մարքոնի գիւտարարը իր այս ստեղծագործութեան համար։
Մենք կը շարունակենք գործածել նորագոյն ճարտարուեստի միջոցները։ Արդե՞օք բաւարարութեամբ կ՜ընենք - հարց կու տայ հայր Լոմպարտին եւ կ՛եզրափակէ իր խորհրդածութիւնը ուրիշ հարցում մը ուղղելով որ է՝ ՜՜Արդեօք մարդու նոր գիւտերն ու ստեղծագործութիւնները եղած են մարդկութիւնը ազատելո՞ւ թէ զայն կործանելո՞ւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.