2011-02-15 13:16:31

Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովը Վաւերաթուղթ Մը Կը Պատրաստէ ՜՜Համացանցի՝՝ Նիւթին Մասին։


Համացանցը որ կազմաւորումի եւ դաստիարակութեան սքանչելի միջոց մըն է, նոյնքան ալ վտանգաւոր է, ուր անհատը դիւրաւ կարելի է զոհ դառնալ մակերեսութեան, յայտարարած է կաթողիկէ դաստիարակութեան կառավարիչը կարտինալ Կրոգոլեվսքի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով։ Ան իր այս ելոյթին ընթացքին յայտնեց թէ կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովը ներկայիս իր լիանիստ ժողովը կը գումարէ եւ նպատակ ունի հրապարակել վաւերաթուղթ մը համացանցի մասին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով 60 ժողովականները ընդգծած է ՜՜յոյժ կարեւորութիւնը համացանցի բարի գործածութեան՝՝ դպրեվանքերու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.