2011-02-15 13:16:44

Լիբանանի Կաթողիկէ Պատրիարքներու Խորհուրդի 44-րդ Ժողովը։


Երկուշաբթի, 14 փետրուար 2011-ին, սկիզբ առաւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու խորհուրդի 44-րդ հերթական ժողովը, Պքերքէյի մէջ, որուն հիմնական նիւթն է՝ «Կաթողիկէ Եկեղեցիները Լիբանանի մէջ, եւ Միջին Արեւելքի սիւնհոդոսի առաջադրանքները»:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքը կը մասնակցի այս հերթական ժողովին, որ կը շարունակուի մինչեւ ուրբաթ օր, մասնակցութեամբը նաեւ՝ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներուն եւ առաքելական նուիրակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.