2011-02-15 12:49:53

՝՝ԼԻՆՍԻ՝՝ Հիմնարկութեան Լուծարումով 200 Միլիոն Տոլար Կը Նուիրուի ԵՈՒ. ՍԻ. ԷԼ. ԷՅ. ԻՆ ։


Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղը («Եու. Սի. Էլ. Էյ.») երկուշաբթի, 14 փետրուարին հաղորդեց, թէ Գըրգ Գըրգորեանի պատկանող «Լինսի» հիմնարկութիւնը որոշած է լուծարուիլ եւ իր մնացեալ գումարները՝ մօտաւորապէս 200 միլիոն տոլար, յանձնած է համալսարանին: Որոշումը պիտի վերջնականանայ, երբ վաւերացուի կառավարութեան կողմէ:
Նուիրատուութեան շնորհիւ պիտի կազմուի «Երազի հիմնադրամ»ը, որ պիտի յատկացուի ուսանողներուն նպաստներ տրամադրելու, ինչպէս նաեւ ուսումնասիրական ու կրթական շարք մը ծրագիրներ իրականացնելու նպատակին: Սոյն հիմնադրամը նաեւ համալսարանի սահմաններէն դուրս մարդասիրական ծրագիրներ պիտի իրականացնէ՝ նպաստելու համար ընկերային հարցերու լուծման: Համալսարանը կը շեշտէ, որ այս նուիրատուութիւնը աւելի մեծ արժէք կը ստանայ այս օրերուն, երբ կրթական հաստատութիւններուն տրամադրուող պետական օժանդակութիւնները կը նուազին:
Իր հաստատումէն ի վեր (1989), «Լինսի» հիմնարկութիւնը մօտաւորապէս 1.1 միլիառ տոլարի օժանդակութիւններ տրամադրած է վարժարաններու, ուսումնասիրութեանց ու մարդասիրական այլ նպատակներու:







All the contents on this site are copyrighted ©.