2011-02-15 12:59:59

 Պաքուի Մէջ ՝՝ԶԱՅՐՈՅԹԻ ՕՐ՝՝ Իրականացնելու Կոչ Ուղղող Երիտասարդ Գործիչը Ձերբակալուած ։


«News.am» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ 5 փետրուարին ձերբակալուած է Ազրպէյճանի ժողովրդական ՝՝ճակատ՝՝ կուսակցութեան երիտասարդական թեւի գործիչ 20-ամեայ Ճապար Սավալանլին, որ կոչ ուղղած էր Պաքուի մէջ «Զայրոյթի օր» կազմակերպելու։
Ան մեղադրուած է 0.7 կրամ մարիկուանա պահելու համար։ Ընդդիմադիր ուժերը կը պնդեն, որ թմրեցուցիչը զետեղուած է Սավալանլիի գրպանը։ Երիտասարդ Ճապար դիմատետր (Ֆէյսպուք) ընկերային ցանցի աշխուժ օգտագործող է, չի ծածկեր իր դժգոհութիւնը նախագահ Իլհամ Ալիեւի նկատմամբ եւ կոչ ուղղած էր իշխանութիւններուն դէմ բողոքի գործողութիւններու սկսելու։







All the contents on this site are copyrighted ©.