2011-02-15 12:10:28

2011-ը՝ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻՆ
«ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ ՄԵՐ ՎԱ՛ՂՆ ԻՍԿ ԵՆ, ԵՒ ԱՅԴ ՎԱՂԸ ՈՒՇ ՉԷ՛» ԸՍԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ։


Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած հարիւրաւոր բազմութեան եւ յատկապէս ծնողներուն ուղղելով իր խօսքը՝ Արամ Ա Կաթողիկոս խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ արժէքներուն հանդէպ սոսկ ձեւական մօտեցում չցուցաբերելու եւ Աստուծոյ պարգեւած մանուկները այդ աւանդութեան խորհուրդով ու ոգիով դաստիարակելու իսկական ծնողութեան մասին։ Կիրակի, 13 փետրուար 2011-ի երեկոյեան ժամը 4։00-ին, հանդիսապետութեամբ վեհափառին, Ս Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն եւ նախատօնակ՝ Քրիստոսի քառասնօրեայ տաճար ընծայման տօնին առիթով։ Հարիւրաւոր մայրեր լեցուցած էին Մայր տաճարը, Սուրբ Աստուածամօր օրինակով իրենց նորածին երեխաները շալկած՝ ընծայելու համար զանոնք Աստուծոյ Տան։
Վեհափառը իր պատգամին մէջ յատկապէս այս երեւոյթին անդրադառնալով ըսաւ ՝՝Հայ մանուկի տարի հռչակեցինք այս 2011 տարին՝ առաւել եւս շեշտելու համար մեր զաւակներուն դաստիարակութեան անժամանցելի հանգամանքը։ Մանուկները մեր վաղն իսկ են, եւ վաղը ուշ չէ՛ անիկա միայն ակնթարթ մը հեռու է մեզմէ։ Քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ, ու Աստուծոյ ամենատես աչքերուն դիմաց պէտք է կրթենք մեր զաւակները, որոնք երկնաւոր մեր Հօր պարգեւն են մեզի տրուած իբրեւ աւանդ։ Մեր մանուկներէն կախեալ է մեր ազգի, եկեղեցւոյ ու հայրենիքի ապագան, ըսաւ վեհափառը։ Ապա, վեհափառը ընդգծեց հայ դպրոցին կենսական տեղն ու դերը հայ մանուկներու հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ՝ ըսելով Հայ դպրոցն է հայ մանուկին տեղը։ Օտար վարժարաններ յաճախելու երեւոյթը խորթ է մեր ազգային նկարագիրին։ Մեր մանուկները յանցաւոր չեն երբեք, այլ ա՛յն ծնողները, որոնք օտարին օտարացնող գիրկը կը դնեն մեր ազգի ապագայ յոյսը եղող մատղաշ երեխաները։ Հայ դպրոցը միայն ուսում չի՛ ջամբեր, այլեւ՝ հաւատք, ազգային մշակոյթ ու ցեղային իւրայատկութիւն։ Այս իմաստով անիկա մեր զաւակներուն համար կը դառնայ ե՛ւ եկեղեցի, ե՛ւ հայրենիք, ե՛ւ ամուր տուն, ուր կը պահպանուին մեզի աւանդուած անգին արժէքները՝՝ ընդգծեց Արամ Ա. Կաթողիկոս։
Հայրապետական պատգամի աւարտին ՝՝Ի գիրկս առեալ՝՝ շարականի երգեցողութեան ընթացքին, միաբան հայրեր խորանին շուրջ դարձուցին նորածին մանուկները՝ անոնց տաճարի ընծայման կարգը կատարելով։ Ապա, Հայր Մերի հաւաքական երգեցողութենէն անմիջապէս ետք, հաւատացեալներ իրենց ձեռքի լապտերները վառելով, հետեւեցան Վեհափառին գլխաւորած թափօրին, որ ուղղուեցաւ դէպի մայրավանքի շրջափակը, ուր պիտի վառէր աւանդական խարոյկը։
Շրջափակին մէջ, միաբան հայրերէն ու դպրեվանքի սաներէն կազմուած թափօրը խմբուեցաւ աւանդական խարոյկին շուրջ, որուն առաջին կայծը վեհափառին կողմէ տրուեցաւ։ Այնուհետեւ, դպրեվանքի սարկաւագներ եւ սաներ հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին ներկայ բազմութիւնը։ Հին աւանդութեան համաձայն, ներկաները երեք անգամ կրակին շուրջը դարձան եւ արարողութեան աւարտին, մեր հայրերուն հաւատքով եւ ազգային աւանդութիւններով զօրացած, իրենց մոմերը վառելով տուն վերադարձան, որպէսզի վառեն իրենց տան ճրագը։







All the contents on this site are copyrighted ©.