2011-02-14 14:34:43

''Հեթանոսներու ժամանաբակ'' Երկխօսութիւն հաւատացեալի եւ ոչ-հաւատացեալի նման երաժշտական զուգերգի` երկու խօսակիցներու միջեւ ներդաշնակութիւն։։


Իտալիոյ Պոլոնիա համալսարանի մէջ նախաբացումը կատարելով ''հեթանոսներու ժամաբակ''ին, Մշակոյթի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը կարտինալ Ռավազին ընդգծեց թէ երկխօսութիւնը հաւատացեալի եւ ոչ-հաւատացեալի միջեւ մենամարտի հեռանկարով չէ եղած, այլ՝ նման է զուգերգի մը, կարող՝ արտադրելու ներդաշնակութիւն մը ։
''Հեթանոսներու ժամանաբակը'' վատիկանեան կառոյց մըն է, որ ունի որպէս նպատակ ՜,երկխօսութիւնը հաստատել հաւատացեալի եւ ոչ հաւատացեալի միջեւ՝՝ պաշտօնապէս իր դռները պիտի բանայ 24 եւ 25 մարտին Փարիզի մէջ։
Նախաձեռնութիւն մըն է առնուած՝ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդէն։ Այս Հանդիսութիւնը պիտի կատարուի յաջորդաբար Ունեսքօ, Սորպոնի համալսարանը եւ ֆրանսական կաճառի մէջ։ Տօնակատարութեան փակումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի Նոթր Տամ աթոռանիստ եկեղեցւոյ գաւիթը եւ որուն ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ տեսադասախօսութեամբ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.