2011-02-14 13:37:05

՜՜Ուիլլիամ Սարոյեանի ՝՝ Անուան Շքանշանի Տուուչութեան Արարողութիւն՝
Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ- Հռոմ։


RealAudioMP3 Կը Պարգեւատրուին Փրոֆ. Հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիան եւ Փրոֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեան ։
Շաբաթ 12 փետրուար 2011-ի ժամը 18.30-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ- Հռոմ, ներկայութեամբ մեծ թիւով հայերու եւ իտալացիներու,
տեղի ունեցաւ արարողութիւնը՝ ՜՜Ուիլլիամ Սարոյեանի ՝՝ անուան շքանշանի տուուչութեան ՝ Փրոֆ. Հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիանին՝ ( Վենետիկի Ca' Foscari) համալսարանէն, եւ Փրոֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեանին (Պոլոնիայի համալսարանէն)։ Բազմաթիւ հատորներու այս երկու հեղինակները, պարգեւատրուեցան Հ Հ Սփիւռքի նախարարութեան ՜՜Ուիլիամ Սարոյեանի՝՝ անուան շքանշանով, հայ գրականութեան պատմութեան ու մշակոյթի ի նպաստ իրենց բերած մեծ ներդրումին համար։
Շքանշանի տուչութիւնը կատարեց վսեմաշուք տիար Ռուբէն Կարապետեան Իտալիոյ մօտ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։
Վսեմաշուք դեսպանը ողջունելէ ետք ներկաները խօսեցաւ երկու հայ մեծ անձնաւորութիւններուն մասին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ իրեն տրուեցաւ մեծարելու ու ՜՜Ուիլլիամ Սարոյեանի ՝՝ շքանշանը անոնց յանձնելու պատիւը։
Դեսպանը խօսեցաւ անոնց արժանիքներուն ու մեծ ներդրումին մասին հայ լեզուի, գրականութեան , պատմութեան ու մշակոյթի բնագաւարէն ներս եւ կարդաց պատուագիրը ու իւրաքանչիւրին կուրծքին դրաւ շքանշանը։ Ներկաները ծափահարութիւններով իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին եւ ապա շնորհաւորեցին պարգեւատրեալները։
Այս առթիւ Փրոֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեան իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց թէ դեսպանին , եւ թէ Սփիւռքի նախարար՝ տիկ Հրանոյշ Յակոբեանին այս մեծ պատիւին համար ու նաեւ բոլոր ներկաներուն իրենց մասնակցութեան այս ուրախ առիթին, իս սրտի խօսքը յատնեց նաեւ Փրոֆ. Հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիան որ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց յիշելով իր ծնողքը, որոնք եղան առաջին հայերէնի դասատուները ապա Մխիթարեան միաբանութիւնը ուր կարիլիութիւն ունեցաւ աւելի հմտանալու ու նաեւ բոլոր անոնց որոնք օգնեցին իր գործունէութեան մէջ յաջողութեան ի նպաստ հայրութեան, հայ լեզուին, պատմութեան ու գրականութեան, ու նաեւ հայրենիքին բարգաւաճման ի խնդիր։
Յիշենք թէ ասիկա երկրորդ տարին է որ Հռոմի՝ Հ Հ դեսպանատան մէջ կը պարգեւատրուին իտալահայ անուանի անձնաւորութիւններ. անցեալ տարի պարգեւատրուեցաւ Փրօֆ. տիկ. Անթոնիա Արսլան, որ ծանօթ է Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, ու նաեւ ոչ հայերու մօտ, յատկապէս՝ իր ՜՜Արտոյտներու Ագարակը՝՝ եւ Իզմիւռնի Ճանապարհը՝՝ հատորներով։










All the contents on this site are copyrighted ©.