2011-02-13 08:58:25

Վատիկանեան տեղեկութիւններ


Վատիկանեան տեղեկութիւններ
Ռուսիոյ նախագահ Մետվետեւ Վատիկան Կ'այցելէ Յառաջիկայ 17 Փետրուարին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յառաջիկայ փետրուար 17ին պիտի ընդունի Դաշնակցային Ռուսիոյ նախագահ՝ Մետվետեւը, որ երկու օրուան համար Հռոմ պիտի այցելէ եւ տեսակցութիւն պիտի ունենայ Իտալիոյ հանրապետութեան ու վարչապետին հետ։ Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը Վատիկան, կու գայ երկու պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական լիիրաւ ու լիազօր յարաբերութիւններու հաստատումէն մէկ տարի ետք` 9 դեկտեմբեր 2009ին։ Նախապէս` 1990-ին Վատիկան եւ Մոսկուա դիւանագիտական ''յատուկ'' կապեր հաստատած էին։
Նշենք թէ նախագահ Մետվետեւ 2009-ի 3 դեկտեմբերին այցելութիւն կատարած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։

Կարտինալ Ուելէի Գնահատումով Եւրոպական Մշակոյթը Տագնապի Մէջ Է,
Որպէս Հետեւանք Քաղաքական Նոր Կացութեան Մը Որ Կը Միտի Խեղդել Եւրոպական Մշակոյթի Հիմերը։
Կարտինալ Ուելէ` կառավարիչը եպիսկոպոսներու ժողովին անցեալ 7 փետրուարին Մատրիտի մէջ ներկայացումը կատարեց Ս. Գիրքի՝ Սպաներէն նոր թարգմանութեան։ Այդ առթիւ կարտինալ Ուելէ դիտել տուաւ որ ՜՜Եւրոպական նոր ինքնութիւնը կ'ուզէ պարտադրել իր օրէնքը եւ կ'աշխատի կղզիացնել Եւրոպայի քրիստոնէական արմատները ու յարաբերական դարձնել Ս. Գիրքի ուսուցումը՝՝։
Եկեղեցականին գնահատումով՝ կարելի չէ բաժնել Ս. Գիրքը Եկեղեցւոյ կեանքէն։


Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովը Վաւերաթուղթ Մը Կը Պատրաստէ ՜՜Համացանցի՝՝ Ննիւթին Մասին։
Համացանցը որ կազմաւորումի եւ դաստիարակութեան սքանչելի միջոց մըն է, նոյնքան ալ վտանգաւոր է, ուր անհատը դիւրաւ կարելի է զոհ դառնալ մակերեսութեան, յայտարարած է կաթողիկէ դաստիարակութեան կառավարիչը կարտինալ Կրոգոլեվսքի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով։ Ան իր այս ելոյթին ընթացքին յայտնեց թէ կաթողիկէ դաստիարակութեան ժողովը ներկայիս իր լիանիստ ժողովը կը գումարէ եւ նպատակ ունի հրապարակել վաւերաթուղթ մը համացանցի մասին։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունելով 60 ժողովականները ընդգծած է ՜՜յոյժ կարեւորութիւնը համացանցի բարի գործածութեան՝՝ դպրեվանքերու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.