2011-02-13 13:59:13

ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ ՍՕՍԷ ՄԱՅՐԻԿ (1868-1953). Յեղափոխական Հայուհին


ՀԱՅԱԶԳԻ ՆՇԱՆԱՒՈՐ ԴԷՄՔԵՐ ՍՕՍԷ ՄԱՅՐԻԿ (1868-1953). Յեղափոխական Հայուհին
58 տարի առաջ՝ 9 Փետրուար 1953ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, խոր ծերութեան հասած՝ իր աչքերը առյաւէտ կը փակէր հայ ժողովուրդի նոր ժամանակներու դիւցազնուհին՝ Աղբիւր Սօսէն։ Սօսէ Մայրիկ, նաեւ՝ Աղբիւր Սօսէ անուանակոչուած, Սօսէն կինն էր հայ ֆետայական շարժման առիւծին՝ Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան)։ Ծնած էր 1868ին Սասուն, Նեմրութ լերան փէշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղը, բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարար Դրօ-Աստանտուրի յարկին տակ։
Հազիւ պարմանուհի, 13 տարեկանին, Սասնոյ հայերու աւանդութեան համաձայն, ծնողքը ուզեց ամուսնացնել Սօսէին։ Բարձրահասակ եւ գեղադէմ՝ Սօսէ ըմբոստացման իր առաջին եւ բախտորոշ քայլը կատարեց, երբ ծնողքին առաջարկած թեկնածուները մերժելով՝ ուզեց իր կեանքը կապել Խչէենց Սերոբի հետ, որուն անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր եղած էր յեղափոխական հայուհիին համար։
Քրտական եւ թրքական անիրաւութեանց ու շահատակութեանց դէմ հայկական ըմբոստացման առաջին բռնկումներու, ինչպէս նաեւ՝ ապրուստի ապահովման դժուարին պայմաններու յաղթահարման համար պանդխտութեան ժամանակաշրջան էր։ Սոխորդ գիւղի բնակիչ Վարդանեաններու տունը եւս ճաշակեց պանդխտութեան դառնութիւնը, երբ 1890ականներու սկիզբը, կնոջն ու անդրանիկ զաւկին՝ Յակոբին առանձին թողած, Սերոբ գնաց պանդխտութեան։ Ընտանեկան օճախի պաշտպանութեան հոգը, ի հարկին նաեւ զէնքով ծառանալով քրտական առօրեայ ողութեանց դէմ, Սօսէի մէջ կռանեց դիմադրականութեան ոգին եւ ան լիովին պատրաստ էր արդէն ֆետայական կեանքին, երբ 1895ին Սերոբ վերադարձաւ պանդխտութենէն՝ արդէն դաշնակցական յեղափոխականի ՝՝Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք՝՝ յորդորով պայքարի դրօշը պարզելու համար իր շրջապատին։ Սերոբ իր օրինակով ուղի բացաւ։ Կնոջ ու արդէն երկու որդիներուն հետ՝ իր շուրջ հաւաքած մարտունակ ոգիով երիտասարդներու խումբ մը, Սերոբ իր ունեցած-չունեցածը ծախեց, զէնք ու զինամթերք ապահովեց եւ բարձրացան լեռները։
Հազիւ երեք տարի տեւեց Աղբիւր Սերոբի ֆետայական գործունէութեան շրջանը, որուն ամբողջ տեւողութեան Սօսէ ոչ միայն կինը, այլեւ զէնքի անբաժան ընկերը եղաւ Տարօնի Առիւծին։ Գիւղէ գիւղ եւ քրտական հրոսակներու թէ թրքական զօրքերու դէմ կռիւէ կռիւ, Սերոբ Աղբիւր յեղափոխութեան բոցով պայքարի հանեց ողջ Տարօնի աշխարհը՝ արժանանալով ժողովրդական ու գուսանական բազում երգերու, որոնց մէջ ըստ արժանւոյն ֆետայի հայուհիի իր տեղը ունեցաւ Սօսէ։
Իբրեւ իր ատենի ֆետայական շարժման անվիճելի առաջնորդ՝ Աղբիւր Սերոբ իր իսկ զինուորներուն կողմէ քննադատուեցաւ Սօսէն ու զաւակները իր կողքին պահելու քայլին համար։ Բայց զուր անցան նոյնիսկ սրտցաւ յորդորները, որովհետեւ Սօսէ որքան կին էր ու մայր, նոյնքան եւ աւելիով ֆետայի էր ու իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ 1899ի այն սեւ ու մուր օրը, երբ Սերոբ դաւաճանութեան զոհ նաց։
Սերոբ եւ Սօսէ թագստոց ընտրած էին Գեալիգիւզան գիւղը։ Սերոբի գլխուն համար թրքական իշխանութեանց խոստացած պարգեւներէն այլասերած՝ հայանուն մատնիչ-դաւաճան մը, ոչ միայն իշխանութեանց տեղեկացուց Աղբիւրի թագստացոցը, այլեւ՝ իբրեւ բարեկամ արժանացած Սերոբի հիւրընկալութեան, ծխախոտի մէջ թոյն խառնելով անշարժութեան մատնեց Տարօնի Առիւծին։ Թուրք զինուորները իրենց յարձակումը գործեցին, Սերոբ անուժ էր դիմադրելու համար, բայց Սօսէ, անդրանիկ զաւակը Յակոբ եւ երկու եղբայրները՝ Զաքար ու Մխօ հերոսաբար կռուեցան թշնամիին դէմ։ Սերոբ, զաւակը եւ երկու եղբայրները սպաննուեցան., ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ նաեւ Սօսէ։ Թուրք հրամանատարը թոյլ չտուաւ, որ ձեռք տան Սօսէին։ Վիրաւոր Սօսէն նախ ապաքինումի տարուեցաւ եւ ապա բանտ նետուեցաւ։ Փոքր զաւակը տարին քիւրտերը եւ այլեւս չգտնուեցաւ անոր հետքը։
Մնացեալը տխուր, դառն ու դաժան պատմութիւնն է հայ դիւցազնուհիին, որ աւելի քան յիսուն տարի քայլ առ քայլ հետեւեցաւ իր ժողովուրդի ճակատարին։ Եղաւ Վան եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Վասպուրականի եւ Սասունի գաղթական ժողովուրդին հետ, անցաւ Երեւան, ուր մնաց մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը եւ հակադաշնակցական ալիքի սաստկացումին հետ անցաւ Պոլիս, հոնկէ ալ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր մինչեւ մահ մնաց ու ապրեցաւ Հայկ Խանամիրեանի ընտանիքին հետ։ Իր մահէն 45 տարի ետք, 1998ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 80ամեակին առիթով, Սօսէ Մայրիկի աճիւնները տեղափոխուեցան հայրենիք ու իրենց վերջնական հանգիստը գտան Եռաբլուրի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.