2011-02-13 13:58:50

Լուրեր հայ կեանքէն


Լուրեր հայ կեանքէն



Տոքթ Սթեֆանոս Ալեքսոփուլոս՝ Աթէնքի Համալսարանէն Անթիլիաս Այցելեց։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը, ընդունեց ծիսագէտներու միջազգային կազմակերպութեան Ատենապետը՝ Տոքթ. Պասիլիոս Կրին՝ Աւստրիոյ Կրատ համալսարանէն եւ Տոքթ. Ստեֆանոս Ալեքսոփուլոս (ատենադպիր)՝ Աթէնքի համալսարանէն։ Անոնք այցելած էին Վեհափառին զինք հրաւերելու իր խօսքը արտասանելու 2012-ին Պէյրութի մէջ տեղի ունենալիք յիշեալ կազմակերպութեան միջազգային համագումարին։ Շուրջ տասը տարիներ առաջ կեանքի կոչուած այս կազմակերպութեան մաս կը կազմեն աւելի քան 100 կաթողիկէ, ուղղափառ թէ բողոքական ծիսագէտներ եւ համալսարանի դասախօսներ։ Համագումարը առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի Միջին Արեւելքէն ներս։

Հրազդան Թոքմաճեանի Գեղանկարչական Ցուցահանդէսի Բացումը։ Կազմակերպութեամբ՝ Հայկազեան համալսարանի «Մաթոսեան» արուեստի կեդրոնին, ուրբաթ, 11 փետրուարի երեկոյեան , համալսարանի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Հրազդան Թոքմաջեանի «Սպիտակ երազներ» խորագիրով գեղանկարչական ցուցահանդէսին բացումը։ Արուեստագէտը ներկայացած էր 26 իւղաներկ պաստառներով։ Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան։ Ան նկատել տուաւ, որ 2 ամիսը անգամ մը սոյն ցուցասրահին մէջ ցուցահանդէս կը կազմակերպուի եւ տարին անգամ մը փորձ կը կատարուի Հայաստանէն հրաւիրելու արուեստագէտ մը, որ ցուցադրէ իր գործերը։ Ան ներկայացուց արուեստագէտ Հրազդան Թոքմաջեանը եւ նշեց, որ ան հայաստանցի է, սակայն վերջին տարիներուն ապրած է Հալէպի մէջ, ուր կը գործէ իբրեւ արուեստի ուսուցիչ, նաեւ գեղանկարիչ, գիրքերու հեղինակ։Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան յայտնեց, որ Հայաստանէն ժամանած է արուեստաբան, թանգարաններու տնօրէն եւ գրագէտ Շահէն Խաչատրեան, յատկապէս ներկայ գտնուելու ցուցահանդէսի բացումին։ Անդրադառնալով Հրազդանի արուեստին՝ վեր. Փոլ Հայտոսթեան հաստատեց, որ անոր գործերուն մէջ կ՚արտացոլան մշակոյթի ուժը, խաղաղութիւնը՝ շեշտելով, որ արուեստագէտը կը փորձէ իր մշակոյթի արմատները գտնել։ Ան նաեւ յայտնեց, որ Հրազդան խմբագրած է գիրք մը, որուն մէջ ներկայացուցած է Մարաշի ասեղնագործութիւնը։ Այնուհետեւ Շահէն Խաչատրեան խօսք առնելով բացատրեց, որ գեղանկարչութիւնը հոգեկան կամ բանաստեղծական ապրումի բացատրութիւնն է, եւ վեր առաւ Հրազդանի արուեստը։ Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց արուեստագէտ Հրազդան Թոքմաջեան, որ նկատել տուաւ, որ ասիկա 3-րդ ցուցահանդէսն է Լիբանանի մէջ, եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին՝ զինք հիւրընկալելուն համար։

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ հինգշաբթի, 24 փետրուար։








All the contents on this site are copyrighted ©.