2011-02-12 13:40:51

Քահանայապետական Անուանումներ


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անուանեց Հայր Լուիճի Պորէլլոն որպէս Սուրբերու Դատի Ժողովի Հաւատքի տարածումի վարիչ։ Ան մինչեւ այսօր կը վարէր նոյն ժողովի խորհրդատուի պաշտօնը։
Նորին սրբութիւնը Մանաւի Լիլոկուէի գաւառին մէջ հիմնեց եկեղեցական նոր թեմ մը եւ տեղական եպիսկոպոսական աթոռը հաստատեց որպէս Աըքեպիսկոպոսական աթոռ։ Լիլոկուէի եկեղեցական նոր Աւագ թեմին կը պատկանին Տետզայի, Մոզուզուի եւ Գարոնկայի թեմերը։ Նորին Սրբութիւնը ապա անուանեց Գերապայծառ Րէմի Ժոզէֆ Կուսդաւ Սէնդ Մարին՝ որպէս Լիլոկուէի առաջին եպիսկոպոս որ մինչեւ այսօր նոյն թեմին եպիսկոպոսն էր։
Լիլոկուէի թեմը ունի 24,025 քմ տարածութիւն, 4 միլիոն 660 հազար բնակիչ որոնցմէ մէկ միլիոն 56 հազար 979-ն կաթողիկէ են։
Թեմին մէջ կը գործեն 32 ժողովրդապետութիւններ, 50 թեմական քահանաներ, 37 կրօնաւոր- քահանաներ, 51 կրօնաւորներ, 231 կրօնաւորուհիներ եւ 46 աւագ նորընծաներ։
Սրբազան Քահանայապետը Գերապայծառ Եուլիուս Եանուս Գարոլի Արքեպիսկոպոսը անուանած է որպէս սլովենիոյ Պապական Նուիրակ եւ Գոսովոյի Առաքելական Պատուիրակ։ Նշենք թէ Առաքելական նուիրակի պաշտօնը ունի պարզապէս հովուական բնոյթ եւ ոչ մէկ կապակցութիւն ունի հողային կամ դիւանագիտական հարցերուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.