2011-02-12 13:12:17

Քահանայական Կոչումներու Քարոզչութիւնը Մարտահրաւէր Մըն Է Երբ Աստուծոյ Ձայնը, Խեղդուած Է Այլ Ձայներէն։


Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ տեղական եկեղեցիները որ մօտէն հետեւին անչափահասներուն։
Եկեղեցական կոչումներու աղօթքի 48-րդ օրուան առթիւ, որ կը զուգադիպի 15 մայիս 2011-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է տեղական եկեղեցականներուն, հրաւիրելով զանոնք ուշադրութեամբ հետեւելու անչափահասներուն, քանի որ ներկայ ժամանակներուն, Աստուծոյ ձայնը կը թուի խեղդուած ըլլալ այլ ձայներէն։ Ուստի Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ ամէն եկեղեցական հասարակութիւն ու ամէն հաւատացեալ, որ յանձնառումով աշխատի եկեղեցական կոչումներու ի խնդիր։ Սրբազան Հօր գնահատումով , հարկաւոր է քաջալերել եւ նեցուկ կենալ բոլոր անոնց որոնք բացայայտ նշաններ ցոյց կու տան քահանայական կոչումին, որպէսզի անոնք զգան զօրակցութիւնը ու քաջալերանքը քրիստոնեայ հասարակութեան եւ այսպէսով բոլոր անոնք որոնք ՜՜Այո՝՝ կ'ըսեն Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ, իրենց մէջ զարգացնեն ճշմարիտ բարեկամութիւնն ու սէրը հանդէպ Տիրոջ ու ըմբռնեն որ ՜՜ Աստուծոյ կամքը կատարելով չեն կորսնցներ իրենց ինքնութիւնը՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.