2011-02-12 11:52:48

Ռատիօ Վատիկանի 80-ամեակը։


12 փետրուար 1931ին,երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ.երորդ Պապի լատիներէն արտասանած ռատիօպատգսմովը , ի ներկայութեան ձայնասփիւռի իտալացի գիւտարար եւ Վատիկանի Ռատիոյի հիմնադիր Կուլիէլմօ Մարգոնիի՝ սկիզբ կ՝առնէր Վատիկանի Ռատիոկայանի ձայնասփռումները։ Ռատիօ Վատիկանի 80 ամեակի առթիւ տեղի կ՝ունենան ու պիտի ունենան զանազան ձեռնարկներ,ինչպէս 10 փետրուարի յետ միջօրէին բացումը կատարուեցաւ Ցուցահանդէսի մը Վատիկանեան Թանգարաններու մէջ նուիրուած Ռատիօ Վատիկանի 80 տարուայ պատմութեան։
Ցուցահանդէսը կը նպատակադրէ Քահանայապետական ռատիոկայանը յայտնաբերել ու վերագտնել տալ իր 80ամեայ գոյութեանը անդադար յեղաշրջումովը՝զբօսաշրջիկներուն, գիտաշխատողներուն եւ ուխտաւորներուն որ ամէն օր մուտք կը գործէն քահանայապետական ցուցասրահի գլխաւոր շեմէն ներս որոնք այժմ պիտի ծանօթանան Ռատիօ Վատիկանի աւելի քան 40 տարբեր լեզուներով խմբագրութիւններուն,որոնք իրենց ձայնը կ՝ուղղեն հինգ աշխարհամասերու ունկնդիրներուն, ընդ որս Հայերէն ձայնասփռումները։ Ռատիօ Վատիկանի տնօրէնութիւնը կը պատկանի Յիսուսեան Կրօնաւորներու Միաբանութեան։ 1970-էն սկսեալ Վատիկանի Ձայնասփուռի յայտագիրներու արտադրումի կեդրոնը կը գտնուի իր հիմնադիր Պիոս ԺԱ. Հռոմի Պապի անունը կրող պալատին մէջ,այս պալատէն յայտագիրները կը հասնին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ բարձրացող Լեւոն ԺԳ.ի անունը կրող երկրորդ Կեդրոնը,եւ ճիշդ այս Կեդրոնի Մատուռէն է որ կը հաղորդուի Հայածէս Ձայնաւոր Սուրբ Պատարագը ամէն ամսուայ երրորդ Կիրակի օրը։ Իսկ Հռոմի շրջանի Սանթա Մարիա Տի Կալէրիայ հաղորդակայանի բացումը կատարուեցաւ Պիոս ԺԲ.Հռոմի Պապին կողմէ ։ Ռատիօ Վատիկանի 80 տարուայ գոյութեան ժամանակաշրջանին Հռոմի եօթը Քահանայապետները իրենց պատգամները ուղղեցին Ռատիօ Վատիկանի խօսափողներէն՝ Պիոս ԺԱ, Պիոս ԺԲ., Յովհաննէս ԻԳ. Պողոս Զ, ՅՊԱ., ՅՊԲ. եւ ներկայ Պենետիկտոս ԺԶ. րդ Քահանայապետը։
Առիթէն օգտուելով յիշենք որ Ռատիօ Վատիկանի Հայերէն Հաղորդումները սկիզբ կ՝առնէին 29 Մայիս 1966ին, անմոռանալի երջանկայիշատակ Կարտինալ Աղաճանեանի ջանքերովը եւ Գերապայծառ Ներսէս Սեթեանի պատասխանատուութեամբ ,որ ժամանակին Հռոմի Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարանի Տեսուչն էր։ Ահաւասիկ 45 տարիէ ի վեր ի շարս այլ ազգերու Հռոմի կեդրոնէն կը բարձրանայ նաեւ մեր մայրենի լեզուն ամէն օր, իր հաղորդումները ուղղելով Հայաստանին ու համայն Սփիւռքահայութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.