2011-02-12 12:47:03

Գահիրէի Մօտ Առաքելական Դեսպանը Պատմական Դէպք Կը Նկատէ Եգիպտոսի Նախագահին Պաշտօնէն Հրաժարումը` ՜՜Երկիրը Աւելի Կարիքն Ունի Քաղաքական Ազատութեան Եւ Նուազ Ապականումի՝՝։


Վատիկանի ձայնասփիւռի հետ ունեցած ելոյթով՝ Եգիպտոսի մօտ առաքելական դեսպանը՝ գերապայծառ ֆիցկերալտ, յայտարարած է թէ՝ նախագահ Մուպարաքի հրաժարումը պատմական դէպք մըն է, եգիպտացիները կ'ակնկալեն աւելի քաղաքական ազատութիւն եւ նուազ ապականութիւն։ Վատիկանի դիւանագէտը կը խնդրէ ՜՜աղօթել որպէսզի երկրին մէջ տիրէ աւելի ազատութիւն, խաղաղութիւն ու երջանկութիւն՝՝։
Գերապայծառ ֆիցկերալտ, յոյս յայտնեց որ բանակի խորհուրդը, որուն յանձնուած է ղեկը երկրին, բարենորոգումներ յառաջ բերէ ու հարթէ ճանապարհը նախագահական ընտրութիւններուն։
Եգիպտացին կը պահանջէ աւելի ընկերային բարենորոգումներ։
Գահիրէի մօտ առաքելական դեսպանը յիշեցուց թէ՝ անցեալ կիրակի օրը, Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը աղօթեց որ Եգիպտոսը վերագտնէ իր անդորրութիւնը ու խաղաղ համակեցութիւնը, երկրին հասարակաց բարիքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.