2011-02-12 12:47:17

Արցախեան Ազատագրական Պայքարի 23-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Հռոմի Եւ Պէյրութի Մէջ։


Սումգայիթի կոտորածի 23-րդ տարելիցին առթիւ, Հռոմի Հայ համայնքի Խորհուրդը կազմակերպած է ՜՜դասախօսութիւն-բանավէճերու՝՝ շարք մը հանդիպումներ, որոնց առաջինը՝ տեղի ունեցաւ ուրբաթ 11 Փետրուարի՜ երեկոյեան, Մալոյեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ։
Առաջին հանդիպումին՝ շօշափուեցաւ ՜՜Ղարաբաղի Իրաւունքները՝՝ նիւթը։
Այս առթիւ ներկաները ողջունեց Տիար Էմմանուէլէ Ալիբրանտի, Հայ Համայնքի Խորհուրդի ՜՜Աղթամար՝՝ ելեկտրոնային պարբերաթերթի պատասխանատուն, ապա հակիրճ տեղեկութիւններ տուաւ Ղարաբաղի մասին, եւ խօսեցաւ ղարաբաղցիներու ինքնիշխանութեան իրաւունքին մասին։
Այս դասախօսութիւն-բանավէճերու ծիրէն ներս տեղի պիտի ունենան նաեւ՝ այլ հանդիպումներ.
Ուրբաթ՝ 25 փետրուարին, ՜՜ ինչու պատերազմը՝՝ նիւթին մասին,
Ուրբաթ՝ 18 Մարտին, ՜՜Խաղաղութեան ի նպաստ ճիգեր եւ պատերազմի փորձեր՝՝։
Իսկ չորրորդը՝ 8 Ապրիլին, ՜՜Ժողովրդավար պետութիւն մը՝՝ նիւթին մասին։
Իւրաքանչիւր դասախօսական հանդիպումին պիտի ներկայացուի լսատեսողական սարքաւորումներ։
Այս առթիւ նաեւ ներկաները կարելիութիւն պիտի ունենան գնելու ՜՜Ղարաբաղի Իրաւունքները՝՝ հատորը, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի կողմէ նախաձեռնուած՝ ՜՜Ղարաբաղի ի նպաստ՝՝ ծրագրին։
Իսկ Պէյրութի Մէջ՝ հինգշաբթի՝ 10 փետրուար 2011-ի առաւօտեան, Պէյրութի Պուրճ Համմուտ հայաշատ թաղամասի՝ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ, տեղի ունեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարին նուիրուած ձեռնարկ մը, կազմակերպութեամբ վարժարանի տեղեկատուական ուսումնասիրական աշակերտական խմբակին։
Ձեռնարկին ներկայ էին վարժարանի տնօրէնութիւնը, բանախօսը` Ալեքսան Քէօշկերեան, երկրորդական բաժինի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, տեսչական կազմէն անդամներ եւ 10 էն 12րդ դասարաններու աշակերտութիւնը։
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց տեղեկատուական ուսումնասիրական աշակերտական խմբակի անդամ՝ Մելքոն Էլէյճեան։ Ապա Արազ Չերչեան ասմունքեց Աւետիք Իսահակեանի «Մեծ Յաղթանակի Օրը» բանաստեղծութիւնը, որուն յաջորդեց
Արցախեան Ազատագրական Պայքարի պատմական հոլովոյթը ներկայացնող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը՝ Սարգիս Հալլաճեանի մոնթաժումով։
Օրուան բանախօսը՝ պրն. Ալեքսան Քէօշկերեան խօսք առնելով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ կազմակերպող խմբակին եւ ըսաւ. «Շարժման սկզբնաւորման ժամանակ կը գտնուէի Հայաստան, որպէս ուսանող։ Մեծ պատիւը ունեցայ հայրենաբնակ ազգակիցներուս կողքին, բերելու՝ համեստ մասնակցութիւնս ամենամեծ քաղաքական պոռթկումին։ Հայ ազատագրական պայքարի կարեւոր շղթայի մեծ օղակն է Ղարաբաղի ազատագրումը»։ Այնուհետեւ բանախօսը տուաւ Արցախի պատմականը՝ կարեւոր կէտերուն մէջ։ Շարունակելով իր խօսքը, պրն. Քէօշկերեան ըսաւ. «Հայաստանի ամբողջ ժողովուրդը մտաւորականութեան առաջնորդութեամբ ոտքի կանգնեցաւ խաղաղ միջոցներով Ղարաբաղը Հայաստանին միացնելու պահանջով։ Մեր սերունդը բախտը ունեցաւ վկան դառնալու այդ պահանջատիրական պայքարին։ Ես վստահ էի այդ պայքարը յաղթանակով պիտի վերջանայ, քանի որ ամբողջ ազգը նոյնը կը պահանջէր մէկ բռունցք դարձած։ Խաղաղ ցոյցերը արդիւնք չտուին։ Իսկ Ատրպէյճանը այդ ցոյցերուն ի պատասխան, կազմակերպեց Սումկայիթի, Պաքուի ջարդերը, ինչպէս նաեւ զանգուածային տեղա-հանութիւններ։ Այս իրադրութեան վրայ եկաւ աւելնալու աղիտաբեր երկրաշարժը։ Սակայն մենք միշտ վստահ էինք, որ ատրպէյճանցին չի կրնար կոտրել իր հողին, ընտանիքին եւ պատիւին համար կռուող հայը»։
Բանախօսութեան աւարտին աշակերտուհի Սինթիա Արապկիրլեան կատարեց «Գետաշէն» երգը, որուն աւարտին տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէնը՝ Կրէկուար Գալուստ, որ նախ շնորհաւորեց տեղեկատուական ուսումնասիրական աշակերտական խմբակը այս նախաձեռնութեան համար, որ իրարայաջորդ ձեռնարկներով կ՛աշխուժացնէ ազգային ոգին վարժարանին մէջ» շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ օրուան բանախօսին, ապա ըսաւ. «Կ՛ուզեմ, որ ղարաբաղցիի պայքարելու կամքը փոխանցուի ձեզի։ Կամք ունեցէք, տիրանալու լաւ մասնագիտութիւններու եւ, ի յարկին, ձեր նպաստը բերելու Արցախի, հայրենիքի, Ջավախքի հզօրացման գործընթացին»։








All the contents on this site are copyrighted ©.