2011-02-11 12:36:32

Միջին Արեւելքի Յետ Սիւնոդոսական Յանձնախումբի Երկրորդ Նիստը


Միջին Արեւելքի ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ թէ՝ անցեալ 20 եւ 21 յունուարին՝ Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ միջին արեւելքի ՜՜յետ սիւնոդոսական յանձնախումբի՝ երկրորդ նիստը՝՝ որուն պարտականութիւնն է պատրաստել սիւնոդոսի հայող ՜՜Քահանայապետական Վաւերաթուղթը՝՝։ Յանձնախումբի անդամներն են Սիւնոդոսի Ընդհանուր քարտուղարը՝ Գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչ, որ նախագահեց նաեւ նիստը, Կարտինալ Անթոնիոս Նակիպ՝ Եգիպտոսի Ղպտիներու Պատրիարքը, Կարտինալ Ժան Լուի Թորան՝ Քահանայապետական Միջկրօնական երկխօսութեան Նախագահը, Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի՝ Արեւելեան Սուրբ Ժողովի Կառավարիչը, Ասորիներու պատրիարքը Ինգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան՝, Երուսաղէմի լատիններու երբեմնի պատրիարքը՝ Միշել Սապպահ, Բերիոյ Թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդը՝ Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Մարոնիներու Կիպրոսի առաջնորդը՝ գերապայծառ Ժոզէֆ Սուէյֆ, Լիբանանի Ժպէյլի Մարոնիներու առաջնորդը՝ գերապայծառ Պշարա էլ Րայիի, Հալէպի Քաղտէացիներու առաջնորդը՝ Գերապայծառ Անթուան Աուտօ, Քաղտէացիներու Անպարի առաջնորդը՝ գերապայծառ Շելմոն Վարտունի, եւ գերապայծառ Շիրիլ Սալիմ Պուսթրոս՝ Նիւթընի Յոյն Մելքիթներու առաջնորդը որ առաքելական պատճառներու բերումով չկրցաւ մասնակցիլ նիստին։
Այս նիստին ընթացքին ուսումնասիրուեցան անցեալ հոկտեմբերին՝ միջին արեւելքի համար գումարուած սիւնոդոսին արձագանգները միջին արեւելքի զանազան վայրերու մէջ ինչպէս նաեւ՝ անոր ընկալումը հասարակութեան կողմէ, ու կազմակերպուած ձեռնարկները։
Ժողովականներու միջամտութիւններէն ի յայտ եկաւ որ՝ միջին արեւելքի ընկերա - քաղաքական կացութիւնը, ընդհանուր կացութիւնը լարուածութեան մէջ կը մնայ։ Քրիստոնեայ հասարակութիւնները պէտք ունին բարոյական եւ նիւթական օժանդակութիւններու եւ իրենց հաւատքն ու կրօնքը ազատութեամբ ապրելու իրաւունքին։
Ժաղովականները ապա բաժնուեցան երկու լեզուական խումբերու՝ ՜՜ որդեգրելու համար ուսումնասիրութեան ուղեգիծ մը, որ կարենայ հաւատարմօրէն իւրացնել սիւնոդոսական հայրերու տուած ուղղութիւնները՝՝։ Ժողովականները ապա որոշեցին ՜՜Միջին Արեւելքի Յետ Սիւնոդոսական Յանձնախումբի Գ. Նիստը՝՝ գումարել յառաջիկայ 30 եւ 31 մարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.