2011-02-11 12:32:51

Միջեկեղեցական Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ։


Երեքշաբթի, 8 փետրուար 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա կաթողիկոսին նախագահութեամբ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հանդիպում մը։ Ներկայ էին կաթողիկէ, ուղղափառ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն ներկայացուցիչները։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին առնչուած շարք մը կենսական հարցեր։ Նկատի ունենալով Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը եւ յատկապէս՝ Եգիպտոսի դիմագրաւած դժուարութիւնները, որոշուեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան բացառիկ նիստ մը գումարել յառաջիկայ շաբաթ Կիպրոսի մէջ։ Նաեւ՝ որոշուեցաւ արագացնել յառաջիկայ նոյեմբերին տեղի ունենալիք համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները ։ Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան խորհուրդի տնտեսական եւ վարչական մարզերուն առնչուած հարցեր։









All the contents on this site are copyrighted ©.