2011-02-11 11:20:58

Մամլոյ ներդրումը հանրային կարծիքի ստեղծման մէջ


Լիբանանի ընկերային հաղորդամիջոցներու եպիսկոպոսական խորհուրդի հրաւէրով, Լիբանանի կաթողիկէ մամլոյ կեդրոնէն ներս, երեքշաբթի 8 փետրուար 2011, կէսօրուան ժամը 12-ին, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը՝ հանրային կարծիք ստեղծելու մէջ հաղորդամիջոցներու դերակատարութեան եւ ազդեցութեան մասին։
Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ առաջնորդ Պշարա Րաաի, կաթողիկէ կեդրոնի տնօրէն հայր Ապտօ Ապու Քասմ եւ այլ պատասխանատուներ, Լիբանանի մամլոյ նախարարի խորհրդական Անտրէ Քասաս եւ տեղական լրատուամիջոցներու պատկանող լրագրողներ ու պատասխանատուներ։
Հանդիպման ընթացքին, տեղի ունեցան զանազան քննարկումներ, նախ ձայնասփիւռի դերին մասին եւ անոր ազդեցութիւնը հանրային կարծիք ձեւաւորելու մէջ՝ ելեկտրոնային եւ պատկերասփռուած հաղորդամիջոցներու դարաշրջանին. ապա անդրադարձ եղաւ առօրեայ լրատուութիւններու ազդեցութեան մասին եւ որքանով անոնք կը փոխանցեն իրական պատկերը հանրութեան։
Կեդրոնի տնօրէն Ապու Քասմ իր փակման խօսքին մէջ նշեց թէ ամջբողջատիրական վարչակարգերը այժմ ցնցումի կ’ենթարկուին մամլոյ հարուածներու ազդեցութեան տակ, որովհետեւ ըստ իրեն, հաղորդամիջոցները հիմնական դերակատար եղան հաստատական-քաղաքական գործընթացներու մէջ, ոչ միայն պարզապէս ձայնով եւ նկարով հաղորդելով լուրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.