2011-02-10 13:40:07

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Պատուիրակութիւն Մը Փոխ-այցելութիւն Կատարեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին- Պաապտա։


Երեքշաբթի, 8 փետրուարին. Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդը՝ արհի. Վարդան եպս. Աշգարեան, օգնական եպիսկոպոսը՝ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան, գերյարգելի Հ. Եղիա Ծ.Վրդ. Եղիայեան, գերապատիւ Հ. Գաբրիէլ Վրդ. Մուրատեան եւ պետական երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան այցելեցին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօրավար Միշէլ Սլէյմանին, շնորհակալութիւն յայտնելու համար իր ցաւակցական այցելութեան համար հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, հանգուցեալ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքին վախճանումին առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.