2011-02-10 13:34:35

Լուրտի Տիրամօր Ուխտավայրը, 11 Փետրուարին, Կը Հիւրընկալէ Աւելի Քան 40 Իրաքցի Վիրաւորներ, Զոհ Պաղտատի Ասորի Եկեղեցւոյ Դէմ Գործադրուած Ահաբեկչութեան։


Այս վիրաւորեալները ներկայիս կը խնամուին ֆրանսայի մէջ, եւ հիւրն են Լուրտի Տիրամօր ուխտավայրին։
Յայտնենք թէ 11 փետրուար 1858ին՝ Տիրամայրը կ'երեւի գեղջկուհի Պերնատէթ Սիպուրիսին։
Իրաքցի վիրաւորները պիտի մասնակցին միջազգային պատարագին, մեծարելու՝ Տիրամայրը եւ Իրմէ խնդրելու կրօնական ազատութեան շնորհքը։
Իրաքի մէջ կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 2 տոկոսը։
31 հոկտեմբեր 2010-ին մահմետական ահաբեկիչներու խումբ մը, յարձակելով Պաղտատի ասորի եկեղեցին սպաննուած է այնտեղ գտնուող 60 հաւատացեալներ։ Անցեալ նոյեմբերին ֆրանսայի կառավարութիւնը հիւրընկալած է ահաբեկչութեան զոհ 40 վիրաւորներ։ Անոնք կը խնամուին Փարիզի հիւանդանոցներու մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.