2011-02-10 13:38:37

՜՜Ուիլիամ Սարոյեանի՝՝ Անուան Շքանշանը, Հայազգի Փրոֆ.ներ՝ Հայր Պօղոս Լեւոն Զեքիանին Ու Տիկ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեանին։


Փրոֆ. Հայր Պօղոս Լեւոն Զէքիյան Վենետիկի Գա ֆոսքարի համալսարանէն, եւ Փրոֆ. Կապրիէլլա Ուլուհոճեան Պոլոնիայի համալսարանէն, բազմաթիւ հատորներու այս երկու հեղինակները, Շաբաթ 12 փետրուար 2011-ի ժամը 18.30-ին՝ պարգեւատրուեցան Հ Հ Սփիւռքի նախարարութեան ՜՜Ուիլիամ Սարոյեանի՝՝ անուան շքանշանով, հայ գրականութեան պատմութեան ու մշակոյթի ի նպաստ իրենց բերած մեծ ներդրումին համար։
Շքանշանի տուչութիւնը կատարեց վսեմաշուք տիար Ռուբէն Կարապետեան Իտալիոյ մօտ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, Հռոմի դեսպանատան մէջ որ կը գտնուի ( Via XX Settembre 98/E -Roma)։








All the contents on this site are copyrighted ©.