2011-02-10 12:59:30

 Միացեալ Նահանգներու Մէջ ՝՝Ամուսնութեան Ազգային Շաբաթը՝՝։


7 Փետրուարին սկիզբ առաւ եւ պիտի տեւէ մինչեւ 14 Փետրուար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եկեղեցիի նախաձեռնած ՝՝Ամուսնութեան Ազգային Շաբաթը՝՝ ,որ կը հանդիսանայ առիթ՝ հանրային կարծիքը եւ պետական մարմինները մասնակից դարձնելու աւանդական ամուսնութեան անփոխարինելի արժէքին ,ու նաեւ բարիքներուն որ ամուսնութիւնը կը կերտէ նոյնինքն ընկերութեան համար եւ հարկաւորութիւնը ամրացնելու ընտանեկան այս հաստատութիւնը ։ Ամերիկայի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասը երկրորդ տարին ըլլալով սկիզբ կուտայ այս նախաձեռնութեան որպէս պաշտպանութեան յանձնառւմ ամուսական հաստատութեան ,որ ամերիկեան եպիսկոպոսական դասին համար կր նկատուի առաջնահերթային։







All the contents on this site are copyrighted ©.