2011-02-09 12:45:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը ՜՜Սուրբերու Դերը Եկեղեցւոյ Մէջ՝՝ նիւթին մասին։


Չորեքշաբթի 9 փետրուար 2011, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն, խմբուած Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր խորհրդածութիւնը ՜՜Սուրբերու դերը եկեղեցւոյ մէջ՝՝ նիւթին մասին, ներկայացուց սուրբ Բիեռ Գանսիուսը։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Սուրբ Բիեռ Գանսիուս ծնած 16-րդ դարուն, Հոլլանտա եւ վախճանած է Զուիցերիոյ մէջ։
Հռչակուած է երկրորդ առաքեալը Գերմանիոյ ու Եկեղեցւոյ Վարդապետ։ Իր աստուածաբանական ուսումը կատարած է Գոլոնիայի մէջ, եւ շփում ունեցած ու յարաբերութիւն հաստատած է Շարդրի կրօնաւորներու եւ '' Բարեպաշտ Այր '' կոչուած մարդոց հետ, որոնցմէ իւրացուցած է հոգեւորութիւն մը հիմնուած՝ Յիսուսի հետ բարեկամութիւն հաստատելու վրայ, խորհրդածելով Յիսուսի կեանքի խորհուրդին մասին։
Ան, Բիեռ Գանսիուս՝ Յիսուսեան քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կը մասնակցի Տրիտինեան տիեզերական ժողովին։ Իտալիոյ մէջ ժամանակ մը ապրեցաւ ամբողջացնելու՝ իր մտաւորական ու հոգեւոր կազմաւորումը։
Կը դասաւանդէ Իկոլդտատ համալսարանը, ապա Վիեննայի մէջ` հոգ հոգւոցով կը զբաղի։
Գերմանիոյ Յիսուսեան միաբանութեան մեծաւոր նշանակուելով՝ կը հիմնէ ՜՜Յիսուսեան տուներ ու դպրոցներ՝՝ որոնք մեկնակէտը պիտի դառնային կաթողիկէ բարենորոգումին։ Իր երեք կրօնագիրքերը, շարադրուած Ս. Գիրքի լոյսով, ամենայն պարզութեամբ կը բացայայտեն Կաթողիկէ դաւանանքը ու կը ներփակեն առաջին հետքերը կրօնական ազատութեան իրաւունքին։
Ապրելով քրիստոսակեդրոն հոգեւորութիւն մը, Բիեռ Գանսիուս կ'ընդգծէ ՜՜կարեւորութիւնը ծիսակատարութեան ու անհրաժեշտութիւնը առօրեայ անահտական աղօթքին՝՝ որ մեծ հեղինակութեամբ վերաբանաձեւուեցան Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, սուրբ Բիեռ Գանսիուսի օրինակը այժմէական ու մշտատեւ արժէք ունի։ Սուրբին համար` առաքելական աշխատանքը պտղաբեր կը դառնայ միայն երբ քարոզիչը Յիսուսի ճշմարիտ վկայ մըն է ու միջոցառում, եթէ սերտ կապի մէջ կը մնայ Յիսուսի Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ հետ եւ եթէ ապրի համախոհ բարոյական կեանք մը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին, Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիեց երիտասարդները մասնակցելու Մատրիտի համաշխարհային օրուան հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օգոստոս ամսոյն մէջ։ Բնաւ ձեր առօրեայ կապը չխզէք Աստուծոյ հետ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հուսկ հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն յիշեցնելով թէ երեքշաբթի օրը եկեղեցին յիշատակեց սրբուհի Ճուզեփինա Պախիթայի տօնը` Ափրիկէի դուստրը որ դարձաւ Եկեղեցւոյ դուստրը։ Այս արի կնոջ օրինակը թող խթանէ ձեզ բանալու ձեր սիրտը Յիսուսին ու սրբութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.