Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Սահելի հիմնադրամի վարչական խորհուրդը 2011 տարւոյն ժողովը Փետրուար
8-13 տեղի կ'ունենայ Կամպիայի մէջ, նախագահութեամբ՝ կարտինալ Սարահի` նախագահը ''Մէկ
Սիրտ'' Վատիկանի բարեսիրական մարմնոյն։ Վերոյիշեալ հաստատութեան նպատակն է պայքարիլ անապատականացումի
դէմ։Իր հիմնարկութենէն ի վեր (22 փետրուար 1984-ին) Եկեղեցին մեծ գումարներ յատկացուցած
է դիմագրաւելու՝ այդ շրջանի աղքատութիւնը, սննդական անվտանգութիւնը, առողջապահութիւնը
ու թերաճ վիճակը, որոնք սերտօրէն կապուած են անապատականացումին։