2011-02-09 12:44:15

Ժընեւի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Յուշակոթողի Տեղադրման Աշխատանքային Խմբակի Հանդիպումը


 5 փետրուարին Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Շարլ Ազնաւուր մասնակցեցաւ Ժընեւի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Յուշակոթողի տեղադրման աշխատանքային խմբակի հանդիպման։ Աշխատանքային խմբակը կազմուած է Ժընեւի քաղաքապետարանի երեք ծառայութիւններու՝ մշակութային , քաղաքաշինութեան ու կառուցապատման, ճարտարապետական վարչութիւններու, Ժընեւի ժամանակակից արուեստի հիմնադրամի, Զուիցերիոյ հայկական համայնքի եւ Զուիցերիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան ներկայացուցիչներէն։
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ Յուշակոթողի նախագիծի ընտրութեան համար յայտարարուած միջազգային մրցումին առաջնութիւնը շահող հեղինակին՝ Մելիք Օհանեանի նախագիծը։
Դեսպան Ազնաւուր բարձր գնահատեց Ժընեւի քաղաքային իշխանութիւններուն ուշադրութիւնը հայ համայնքին նկատմամբ, որուն լաւագոյն արտայայտութիւնն է նաեւ Յուշակոթողի տեղադրման նախաձեռնութեան հարցին մէջ ցուցաբերած պատրաստակամութիւնը եւ միջազգային մրցումին ստեղծման համար իրականացուած աշխատանքներն ու յատկացուած միջոցները։ Յուշակոթողին պաշտօնական բացումը կը նախատեսուի 24 ապրիլ 2013-ին՝ Ժընեւի կեդրոնական հանրային պուրակներէն մէկուն մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.