2011-02-09 12:47:06

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Հովուապետական Այցելութիւնը Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան Վարժարան։


Սոյն Վարժարանը, 1987ին, Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Կաթողիկոս Պատրիարքին տնօրինութեամբ, իր դռները կը բանար եւ որ հանդիսացաւ առաջին անգլերէն թեքումով հայ կաթողիկէ կրթական հաստատութիւնը։

«Պէտք չէ զրկենք հայ աշակերտը հայ դպրոցէն» կարգախօսին ներքեւ, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանին, կիրակի, 6 փետրուար 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ. Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ.կաթողիկոս Պատրիարքի հովուապետական այցելութեան առիթով տեղի ունեցաւ վարժարանի վերանորոգ բաժիններու օրհնութիւն այս առթիւ նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։
Պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ, Զալքայի Ս. Խաչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ, որուն ընթացքին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ցոլեր Քէշիշեան։ Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր դասարաններէ խումբ մը աշակերտներ, որոնք հայկական թէ օտար երգերով, պարերով, նուագով եւ ասմունքներով ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ։ Ներկաներուն կողմէ յատուկ գնահատանքի արժանացան Գոհար Յակոբեանի եւ Փաթիլ Յակոբեանի երգերու կատարումները։
Ներկաները հանդիսութեան ընթացքին նաեւ դիտեցին տեսաերիզ մը, որ կ՚անդրադառնայ վարժարանին պատմութեան, գործունէութեան եւ նոր ծրագիրներուն։
Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց, թէ Գ. Հարպոյեան վարժարանը կը գործէ 24 տարիէ ի վեր՝ իբրեւ անգլերէն թեքումով միակ հայ կաթողիկէ վարժարանը, որ կը հետեւի Լիբանանի կրթական ծրագիրին՝ անոր միացնելով հայկական եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը՝ իբրեւ հիմնական մէկ մասը կրթական առաքելութեան։
Պոյաճեան աւելցուց, որ իրերայաջորդ տնօրէններու, ուսուցիչներու, ծնողներու, բարեկամներու եւ բարերարներու ջանքերուն շնորհիւ, վարժարանը լիբանանահայ կրթական համակարգին մէջ նուաճեց իր յարգելի տեղը։ Ռիթա Պոյաճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, որ ուղղութիւն, քաջալերանք եւ օրհնութիւն կը շնորհէ վարժարանի աշխատանքներուն։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին զօրակից բարերարներուն, որոնք հայկական վարժարանին յառաջդիմութեան ի խնդիր հոգատար վերաբերմունք կը ցուցաբերեն։
Հարպոյեան վարժարանի տնօրէն Պոյաճեանին խօսքին յաջորդեց պարգեւատրում, երբ վարժարանի բարերարները՝ առ ի գնահատանք իրենց ունեցած ներդրումին, Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին ձեռամբ ստացան յուշանուէրներ։
Ապա իր հայրական պատգամը փոխանցեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, որ գնահատեց վարժարանի հիմնադրութեան օրերէն մինչեւ այսօր վարժարանին զարգացման ու բարգաւաճման մէջ դերակատարութիւն ունեցող տնօրէնները, ուսուցիչները, պաշտօնեաներն ու ծնողները, որոնց հաւաքական ջանքերուն շնորհիւ վարժարանը կը գոյատեւէ։
Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը մատնանշեց, որ վարժարանին մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող նոր բաժիններուն ստեղծումը, վերանորոգութիւններն ու բարեկարգումները դրական են։ Հոգեւոր տէրը նաեւ հաստատեց, որ հայկական վարժարանները ունին նուիրական առաքելութիւն՝ հայեցի կրթութիւն, ինքնութեան կազմաւորում, հայոց պատմութեան, ազգային եւ մշակութային արժէքներու ծանօթացում, հոգեւոր հաւատք եւ հայրենասիրութեան բարձր ոգի։ Պատրիարքը նշեց, որ հայկական դպրոցը միայն քարէ կառոյց չէ, այլեւ՝ հայակերտումի դարբնոց ու հայու արմատներուն եւ ապագային միջեւ ամուր կամուրջ։
Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք Հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը օրհնեց վարժարանի վերանորոգուած բաժինները:








All the contents on this site are copyrighted ©.