2011-02-09 12:12:57

 ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։
Շաւարշ Միսաքեան (1884-1957)


26 Յունուարին լրացաւ մահուան 54րդ տարելիցը հայ մամուլի անմահ տիտանին՝ Շաւարշ Միսաքեանի։

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ բարձրադիր գագաթ մը եղաւ աւազանի անունով Եղիազար, բայց՝՝Շաւարշ՝՝ գրչանունով հայաշխարհով մէկ հռչակուած Միսաքեաններու այս անզուգական ծնունդը։

Ան հանդիսացաւ հայ կեանքի արթուն պահակը, որ հանրային կարծիք ձեւաւորեց ու առաջնորդեց ամբողջ յիսուն տարի՝ ե՛ւ երկրի մէջ, երբ թրքական պետութեան հայաոջնջացման ծրագիրը դեռ ի գործ դրուած չէր, ե՛ւ արտերկրի տարածքին, երբ աշխարհացրիւ տարագրութեան դատապարտուեցաւ հայ ժողովուրդը։

Յատկապէս իր մեծարժէք ձեռակերտն ու միաժամանակ փառքի դափնեպսակը մարմնաւորող փարիզեան Յառաջ թերթով՝ Շաւարշ Միսաքեան սփիւռքահայ իրականութեան մէջ ստեղծեց դաշնակցական ամէնօրեայ ուրոյն դպրոց մը, որ ընթերցող լայն հասարակութեան ազգայինքաղաքական նկարագիր տուաւ եւ շունչ ու հաւատք ներարկեց հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի ապագային հանդէպ։

Հայ Մտքի մշտարթուն եւ անխոնջ պահակը եղաւ Շաւարշ Միսաքեան։ Խմբագրական գործի ամէնօրեայ սպառիչ հեւքին մէջ, ֆրանսահայ կեանքի եւ ընդհանրապէս սփիւռքահայ իրականութեան, բայց մանաւանդ խորհրդային երկաթեայ վարագոյրի ետին տուայտող Հայաստանի վերիվայրումներուն՝ ընկերկումներուն ու ոստումներուն հետ անմիջական քայլ պահելով հանդերձ, իր խոհուն հայեացքը միշտ սեւեռեց գալիքին եւ լուսաւորեց ազգային ինքնահաստատման մեր ուղին։ Անցեալին մէջ չկծկուեցաւ, անցեալի նուաճումներու դրամագլուխը սպառելով չմաշեցուց ներկան, այլ՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի անցեալէն ժառանգուած անկորնչելի արժէքներու վերանորոգման եւ նոր արարումներով հարստացման անխոնջ ու անկաշառ պատգամաբերը դարձաւ։

Որքա՜ն դիպուկ է իր մահէն օր մը առաջ, 25 Յունուար 1957ին, Յառաջի առաջին էջով լոյս տեսած Շ.ի առաջնորդող ակնարկը՝ Լռութիւնը ոսկի չէ խորագրին տակ։


Շաւարշ Միսաքեան լոյս աշխարհ եկաւ 1884ի Օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Կիրակին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը։ 6 տարեկանին ընտանիքը փոխադրուեցաւ Պոլիս, ուր Շաւարշ յաճախեց, յաջորդաբար, Գում Գափուի Մայր Վարժարանը, Կալաթայի Կեդրոնականը եւ Կէտիկ Փաշայի Կարկուրեան դպրոցը։ 16 տարեկանին մուտք գործեց հրապարակագրութեան ասպարէզ՝ Սուրհանդակ թերթի խմբագրութեամբ։

Շաւարշ Միսաքեանի հրապարակագրական ինքնահաստատումը սկսաւ 1908ին, երբ Զապէլ Եսայեանի, Գեղամ Բարսեղեանի եւ Վահրամ Թաթուլի հետ ձեռնարկեց Պոլսոյ Ազդակ շաբաթաթերթի հրատարակութեան։ 1911-1912ին ստանձնեց Կարնոյ հռչակաւոր Յառաջ թերթին խմբագրութիւնը։ 1913ին Պոլիս վերադարձաւ՝ մաս կազմելու համար Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ Ազատամարտի խմբագրութեան, ստանձնելով նաեւ պատասխանատուութիւնը Ազատամարտ շաբաթաթերթին։

Իր ազգայինքաղաքական հայեացքներուն ու կեցուածքներուն համար Շաւարշ Միսաքեան տեւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ եւ փախստական՝ թաքստոցային պայմաններու մէջ կը շարունակէր խմբագրական իր աշխատանքը 1915ին, երբ Օսմանեան Պետութիւնը ի գործ դրաւ հայ մտաւորականութեան զանգուածային ձերբակալութեան եւ աքսորի ճամբուն վրայ ահաւոր ոճիրը։ Մինչեւ 1916ի Մարտը Շաւարշ կրցաւ խուսափիլ թրքական իշխանութեանց հետապնդումներէն, բայց ի վերջոյ ձերբակալուեցաւ՝ երբ կը փորձէր Պոլիսէն հեռանալ ու Պուլկարիա անցնիլ։ Դատուեցաւ եւ մահուան դատապարտուեցաւ, բայց վճիռը ցկեանս բանտարկութեան վերածուեցաւ եւ Շաւարշ բանտ մնաց մինչեւ 27 Նոյեմբեր 1918, երբ Զինադադարէն ետք ազատ արձակուեցաւ։
1922ին, Քեմալականներու իշխանութեան աստիճանական ամրապնդման հետեւանք նոր հալածանքներէ խոյս տալով, Շաւարշ Միսաքեան վերջնականապէս հեռացաւ Պոլիսէն, անցաւ նախ Պուլկարիա, իսկ այնուհետեւ՝ 1924ին, հաստատուեցաւ Փարիզ, ուր տարի մը ետք հիմնեց Յառաջ օրաթերթը։

Աւելի քան երեսուն տարի, Շաւարշ Միսաքեան առաջնորդող ներկայութիւն եղաւ ոչ միայն Եւրոպայի, այլեւ ողջ հայ իրականութեան մէջ, Յառաջի կողքին նաեւ Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ Դրօշակի խմբագրութեան մաս կազմելով եւ կուսակցական բարձրագոյն պատասխանատուութեանց կոչուելով՝ իբրեւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կամ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ։

Յատկապէս հայ հրապարակագրութեան մէջ անզուգական եղաւ Շաւարշ Միսաքեանի ներդրումը։ Ռուբէն Զարդարեանի կողքին՝ Շաւարշ Միսաքեան մեծագոյն դեր կատարեց արեւմտահայ արձակը հրապարակագրական լեզուի վերածելու կենարար գործին մէջ։ Իր խմբագրականներն ու տոմսերը ամէնօրեայ տաք հացի պէս գաղափարական սնունդը դարձան իրերայաջորդ սերունդներու՝ Ֆրանսայի մէջ թէ սփիւռս Հայ Աշխարհի։







All the contents on this site are copyrighted ©.