2011-02-09 12:59:41

2011-ին Կը Լրանայ Անիի 1050-ամեակը։


Անի մայրաքաղաքի Յոբելեանի նշումը միայն յարգանքի տուրք չէ,մեր նախնիներուն ու անոնց ստեղծագործ հանճարի նկատմամբ,այլ նաեւ լաւագոյն առիթ՝ աշխարհին ներկայացնելու հայկական մշակութային արժէքները եւ քարոզելու անոնց մասին։
Հայաստանի Պետութիւնը ծրագիր մը մշակած է այս ուղղութեամբ եւ ինչպէս հաղորդուեցաւ կը նպատակադրէ թէ Հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի գաղութներուն մէջ գիտաժողովներ կազմակերպել,DVD-ներ պատրաստել,ինչպէս եւ հեռատեսիլային ծրագրեր ֆիլմեր ու հաղորդաշարեր։ Անին մայրաքաղաք հռչակեց Աշոտ Գ.Ողորմած Բագրատունին 961 թուականին,Կարսէն հոն փոխադրելով թագաւորութեան գահը։ Ծանօթ է բոլորին թէ Անին ինչպիսի դերակատարութիւն ունեցաւ հայութեան կեանքին մէջ իր եկեղեցիներով ու պատմամշակութային անզուգական արժէքներով։ Հայ ժողովուրդի տաղանդի ապացոյցն ու հայութեան հպարտութիւնն է Անին։
Անին կր հանդիսանայ նաեւ համաշխարհային քաղաքակրթական ժառանգութեան կարեւորագոյն Յուշարձաններէն մէկը։







All the contents on this site are copyrighted ©.