2011-02-08 15:10:32

Եգիպտոսի Համար Աղօթք Բեթղեհէմի Մէջ


Սուրբ Երկրի Բեթղեհէմի Մելքիթներու հաւատացեալները ընդառաջելով իրենց ժողովրդապետ՝ Հայր Եագոպ Ապու Սաատայի հրաւէրին, անցեալ Կիրակի օրուայ սուրբ պատարագը մատուցին Եգիպտոսի քաղաքական տագնապի լուծումի դիտաւորութեան եւ Աղեքսանդրիոյ ահաբեկչական արարքի զոհերուն հոգւոյն համար։ Ի տես Եգիպտոսի մէջ այս անորոշ վիճակին, Քրիտոնեաները վախի մէջ են, ծայրայեղ իսլամական խմբակներէն , որ օգտուելով կացութենէն՝ ի գործ դնեն քրիստոնեաներու դէմ վայրագ արարքներ։










All the contents on this site are copyrighted ©.