2011-02-08 12:34:30

 Եգիպտոսի Հայ Գաղութի Վիճակի Մասին։


Եգիպտոսի մէջ 25 յունուարին սկսած ցոյցերուն ընթացքին Գահիրէի Ազգային Գալուստեան Վարժարանի երեք պատուհաններու ապակիները փշրուած են։ Դպրոցը կը գտնուի Պուլաք թաղամասը, Ազատագրութեան հրապարակէն շուրջ մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Վարժարանի տնօրէն Սիմոն Չամքերթենեան կը յայտնէ, որ դպրոցի պաշտպանութիւնը յանձնուած էր դպրոցի պահակին եւ աւելի ուշ անոր միացած թաղամասի բնակիչներուն։
Ցոյցերէն առաջ արդէն Գահիրէի երկու հայկական վարժարաններու աշակերտները աւարտած են իրենց կիսամեայ քննութիւնները եւ 28 յունուարէն սկսեալ երկու շաբաթով արձակուրդի գացած։ Տնօրէնը կը նշէ, որ «տակաւին լուր չունինք եւ չենք գիտեր, թէ ե՛րբ պիտի վերսկսինք դպրոցական աշխատանքներուն»։

Իսկ Ազգային Նուպարեան Վարժարանը, որ Հելիոպոլիս արուարձանը կը գտնուի, Ազատագրութեան հրապարակէն շուրջ 15 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ըստ տնօրէնին աւելի ապահով եղած է։
Ըստ՝ Աղեքսանդրիոյ առաջնորդական փոխանորդ Գրիգոր քհնյ. Մուրատեանի, քաղաքի Ս.Պօղոս-Պետրոս եկեղեցին, հայկական գերեզմանատունը եւ ակումբները որեւէ յարձակումի չեն ենթարկուած, Աղեքսանդրիոյ հայերուն ալ վտանգ չէ սպառնացած։ Անվտանգութեան նկատառումներէն մեկնելով, անցեալ կիրակի պատարագ չէ մատուցուած։ Տէր Հայրը կը հաւաստէ, որ անցեալ օրերուն հեռաձայնով կապ պահած է Աղեքսանդրիոյ Ազգային իշխանութեան եւ համայնքի անդամներուն հետ։
Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեան Եգիպտոսին «բնական ընթացք» կը մաղթէ։ «Երկրին իրավիճակը շուտով պիտի ճշդուի եւ Հայաստան իբրեւ Եգիպտոսի բարեկամ երկիր կ՚ուզէ երկիրը տեսնել կայուն, անվտանգ եւ խաղաղ, որովհետեւ Եգիպտոս թէ՛ շրջանի եւ թէ՛ միջազգային ասպարէզին մէջ մեծ հեղինակութիւն ունի»։
Դեսպանը կը յայտնէ, որ դեսպանատունը մշտապէս ուղիղ կապի մէջ եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.