2011-02-08 12:28:26

2011-Ը ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻՆ
(Արամ Ա.Վեհափառի Պատգամէն).


Հայ մանուկին կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան հրամայական անհրաժեշտութիւնը Ընտանիքը.
Անցնող տարիներուն, Մեր պատգամներուն ու հրատարակութիւներուն մէջ երբ անդրադարձանք հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին ու հայ եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան, ընգծեցինք հայ մանուկին քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան հրամայականը: Արդարեւ, մեր համայնական  կեանքի այս երեք նուիրական միջավայրերուն մէջ է որ տեղի կ’ունենայ վաղուան քրիստոնեային ու հայ մարդուն կրօնական ու հայեցի կազմաւորումը: Այլ խօսքով՝ այս երեք հոգեմտաւոր քուրաներուն մէջ է որ կը թրծուի հայ մանուկը մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով: Այսօրուայ մեր խօսքը Ընտանիքի մասին։
Անցեալին, երբ քննարկումի ու արժեւորումի նիւթ դարձուցինք  ընտանիքը, ըսինք թէ՝ հայ մանուկը իր աչքերը աշխարհին կը բանայ հայ ընտանիքէն ներս, ուր իր ֆիզիքական աճման կ’ընկերանայ նա՜եւ իր հոգե-բարոյականր աճումը: Ըսինք նաեւ, թէ՝ հայ ծնողքը հայ մանուկի հոգեկերտումին ու հայակերտումին առաջի՜ն ու մնայուն դաստիարակն է: Այսպէ՜ս եղած է միշտ մեզի համար հայ ընտանիքը՝ իր կեանքով, միջավայրով ու կոչումով: Ահա թէ ինչու հայ ընտանիքը, մեր ժողովուրդին համար որոշ իմաստով՝ եկեղեցի է, դպրոց է ու նաեւ հայրենիք: Գիտակից հայուն հիմքը հայ ընտանիքին մէջ կը դրուի, արմատները հայ ընտանիքին մէջ կը նետուին: Հետեւաբար կրնաք երեւակայել թէ որքա՜ն ճակատագրական է դերը ընտանիքին մանուկի կրթութեան մէջ:
Արդ, ինչպիսի՞ նկարագիր կրնայ ունենալ վաղուան հայը՝ երբ հայ ընտանիքէն ներս օտար ու օտարացնող ներկայութիւն գոյութիւն ունի. երբ հայ ընտանիքը հեռու է հայ ընտանիք կոչուելու հոգեւոր թէ ազգային սրբութիւններէն ու արժէքներէն. երբ ընկերա-բարոյական ախտեր սկսած են թափանցել հայ ընտանիքէն ներս. երբ հայ ընտանիքը անտարբեր է մեր ըմբռնումներուն ու աւանդութիւններուն նկատմամբ: Արդարեւ, հայ ծնողքը իր զաւակը դասագրքով չէ որ պիտի դաստիարակէ, այլ՝ ընտանիքին նուիրական միջավայրէն ճառագայթող արժէքներով ու առաքինութիւններով: Հայ ծնողքը իր զաւակը ծեծով ու պատիժով չէ որ պիտի կրթէ, այլ՝ անոր տուած ծնողական սիրով ու հոգածութեամբ: Հայ ծնողքը սոսկ ֆիզիքական սնունդի հայթայթումով չէ որ պիտի կազմաւորէ իր զաւակը, այլ՝ հոգեւոր ու բարոյական ճշմարտութիւններէն ու արժէքներէն եկող կենսատու սնունդով:
Այսպէ՜ս եղած են մեր ծնողները ու դարձած մեր բարձր յարգանքին ու խոր երկիւղածութեան առարկան: Կեանքի ամենէն դժուար պայմաններուն մէջ իսկ, զաւակներու դաստիարակութիւնը իրենց համար եղած է ամէն բանէ առաջ ու վեր: Կը սպասենք որ նո՜յնը ըլլան նաեւ մեր ներկայ ծնողները: Մեզի համար ընդունելի չէ նիւթական կարելիութիւններէն շփացած ու աշխարհիկ հաճոյքներէն յղփացած ծնողներու անտարբեր ու անհոգ վերաբերումը իրենց զաւակներուն նկատմամբ: Արդարեւ, խորապէս կ’ընդվզինք՝ երբ կը տեսնենք ու կը լսենք, որ իր մօր գիրկը սնանելու կոչուած մանուկը օտար սպասուհիներու խնամքին ենթակայ դարձած է. երբ կը տեսնենք ու կը լսենք, որ իր կեանքի ամենէն զգայուն տարիներուն մէջ գտնուող մանուկը մանուկներու խնամակալ տիկիններու կը յանձնուի, որպէսզի մայրեր չզրկուին իրենց զուարթ պահերէն: Կը տեսնենք ու կը լսենք որ մանուկը օտար դպրոց կը յաճախէ ենթակայ դառնալով իր ճշմարիտ արմատներէն ու հարազատ միջավայրէն զինք հեռացնող քայլերու։
Մեր ընտանիքներէն ներս հետզհետէ թափանցող այս կենցաղակերպը սկսած է ապականել հայ ընտանիքին կրօնաբոյր ու հայադրոշմ մթնոլորտը եւ խաթարել մանուկին կազմաւորման ընթացքը: Կարելի չէ անտարբեր մնալ մեր ազգային ըմբռնումներուն խոտոր համեմատող եւ հետզհետէ տարածուող այս յոռի երեւոյթներուն դիմաց: Նման միջավայրի մը մէջ իր մանկութիւնը ապրած հայը իր չափահասութեան վստահաբար պիտի ընդվզի, նման պայմաններու մէջ իր կազմաւորումը ստացած ըլլալուն համար: Եւ ո՞վ է յանցաւորը. միայն ու միայն ծնողքը: Արդարեւ, մեր ազգի ապագային կերտման մէջ ծնողքը առանցքային դեր ունի: Ան կրնայ վերոնշեալ միջոցներուն դիմելով իր զաւակը հեռացնել իր ազգէն. եւ դժբախտաբար, կան նման ծնողներ: Ծնողք մը նաեւ կրնայ մեծ ծառայութիւն մատուցանել հայ ժողովուրդին՝ բազմաթիւ զաւակներու ծնունդ տալով ու զանոնք հայօրէն կրթելով: Մեր խոր փափաքն է, որ նման ծնողներու թիւը բազմանայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.