2011-02-07 13:08:38

Փիլիպեան Կղզեախումբի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի հնգամեայ Այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի Յաջորդին։


Փիլիպեան կղզեախումբի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի հնգամեայ այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տեղի կ՛ունենայ երեք հանգրուաններով առաջին խումբի այցը տեղի ունեցաւ 2010ի 25 նոյեմբերէն - 6 դեկտեմբեր ։ Երկրորդ խումբի այցելութիւնները կը կատարուին 7 -19 փետրուար իսկ երրորդ խումբը Հռոմ կը ժամանէ 21 փետրուարէն մինչեւ 5 մարտ։
Նշենք թէ Փիլիպեան Կղզեախումբի եկեղեցին բաղկացած է 16 եկեղեցական գաւառներէ որուն մէջ կը գործեն 16 աւագ թեմեր, 57 թեմ, 4 առաջնորդութիւններ, 7 առաքելական փոխանորդութիւններ եւ 1 զինուորական վիճակաւորութիւն։
Յովհաննէս Պօղոս Բ. երջանկայիշատակ սրբազան քահանայապետը Փիլիպեան Կղզեախումբը այցելած էր 2 անգամ։ Առաջինը 1981ի փետրուար 17 - 22 ,իսկ երկրորդը 1995-ի յունուար 12 - 16 Մանիլայի մէջ տեղի ունեցած Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան առթիւ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.