Պոլսոյ Մէջ Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Ներկայացուցիչի Հանդիպումը
Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդին Հետ։
Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը՝ Արամ արք. Աթեշեան այցելեց Սեւծովեան
տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ, Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութիւն
եւ հանդիպում ունեցաւ կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ պաշտօնակատար
Միքայէլ Վարդանեանի հետ. հանդիպումին՝ քննարկուեցան Թուրքիոյ հայկական համայնքը յուզող
խնդիրներ եւ ընդգծուեցաւ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցչութեան համայնքային կառոյցներուն
հետ կապի անհրաժեշտութիւնը։Երկու կողմերը համաձայնեցան յառաջիկային եւս շարունակել հանդիպումները
եւ քննարկել երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր։