2011-02-07 13:17:58

Շուէտի Խորհրդարանի Եւրոպական Հարցերով Յանձնախումբի Նախագահի Հարցազրոյզը ԹՐԷՆՏ Լրատու գործակալութեան։


Շուէտի խորհրդարանի եւրոպական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Քարլ Համիլթըն ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ օգնել Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապներու լուծման՝ օգտագործելով սեփական միջոցները, սակայն կարելի չէ միայն այդ կառոյցին վրայ յոյս դնել։
«Կը կարծեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ աջակցիլ շրջանային տագնապներու լուծման՝ օգտագործելով իր կարելիութիւնները, որովհետեւ տուեալ հարցին մէջ եւրոպական երկիրները ունին միացեալ դիրքորոշում, ինչ որ եւրոպական արտաքին քաղաքականութեան համար շատ արտասովոր է», ըսած է Համիլթըն ու աւելցուցած. «Այն իրողութիւնը, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՚ուզէ բարի դրացիական յարաբերութիւններ հաստատել, չի նշանակեր, թէ անոնք կրնան թուլնալ եւ յոյս դնել բացառապէս Եւրոպական Միութեան վրայ»։ Ըստ շուէտացի երեսփոխանին, շրջանային երկիրներէն ոչ մէկը պէտք է յուսայ, որ Եւրոպական Միութիւնը լիակատար ուժ ունի՝ վերջ դնելու տագնապներուն, ներառեալ՝ Ղարաբաղեան Տագնապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.