2011-02-07 13:10:45

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հանդիպումները՝Միւնիխի մէջ ։


Անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով Միւնիխի վեհաժողովի շրջագիծին մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 փետրուարին հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ։
Ըստ Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջին մէջ տեղադրուած հաղորդագրութեան, նախագահ Սարգսեան կարեւորութեամբ շեշտեց Միացեալ Նահանգներու աշխուժ դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման գործին մէջ։
Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին,ԵԱՀԿ-ի Ասթանայի վեհաժողովին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գծով ցուցաբերած յստակ եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումին համար։
Իր կարգին Քլինթըն նշեց, որ ուրախութեամբ կը յիշէ իր հայաստանեան այցելութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։
Անդրադառնալով Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններուն, Քլինթըն շեշտեց Միացեալ Նահանգներու հաստատակամութիւնը՝ աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու հոլովոյթը շարունակելու հարցին մէջ։ Սարգսեան եւ Քլինթըն քննարկեցին հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, տնտեսական կապերու ընդլայնման ուղղուած շարք մը հարցեր։
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ներկայ հանգրուանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին վերաբերող հարցերու։
Միւս կողմէ, վեհաժողովին ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեան ունեցած է այլ շարք մը հանդիպումներ: Մասնաւորապէս, ան բաւական երկարատեւ խօսակցութիւն ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ: Այնուհետեւ Սերժ Սարգսեան հանդիպած է նաեւ Ռուսիոյ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախկին նախարար եւ Ռուսիոյ կառավարութեան կից ռազմարդիւնաբերութեան յանձնախումբի նախագահ Սերկէյ Իւանովի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.