Հայկազեան Համալսարանի Մէջ ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատես Արմին Թ. Վեկների Մասին
Դասախօսութիւն։
Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ հինգշաբթի 3 փետրուարին տեղի ունեցաւ «Արմին
Թէոֆիլ Վեկների՝ ականատեսը Հայոց ցեղասպանութեան» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց
փրոֆ. Մարթին Թամքէն։ Զեկուցումներուն ընթացքին դասախօսը ի միջի այլոց ներկայացուց Վեկներին
անձնական լուսանկարներն ու անոր լուսանկարած պատկերները, որոնք կը ներկայացնեն Հայոց
ցեղասպանութիւնը, տեղահանութիւնները, բռնագաղթը, որբերն ու հայութեան ապրած տառապանքները։