2011-02-07 13:09:14

Կարտինալ Մըրֆի Օ Գոնորի Այցելութիւնը Հնդկաստան։


Վուեսդմինսդէրի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը Կարտինալ Մըրֆի Օ՝ Գօննոր Հնդկաստան կը գտնուի Քահանայապետի Յատուկ Նուիրակի հանգամանքով, Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Հնդկաստան կատարած այցելութեան 25րդ տարեդարձի տօնախմբութիւններուն առթիւ։
Նշենք թէ 1986ի յիշատակալից այցելութեան ընթացքին Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետը յոյսի պատգամ մը ուղղած էր Հնդկաստանի ժողովուրդին,աղքատներուն եւ կրօնաւորական դասին։
Կարտինալ Մըրֆի Օ Գօննորի ճամբորդութիւնր կ՛ընդգրկէ 5 քաղաքներ ուր կը կատարուին զանազան բնանիւթերու վրայ կեդրոնացած նախաձեռնութիւններ ։
Նիւ Տէլհիի մէջ նիւթ հանդիսացաւ ՝՝Կոչումները՝՝ , իսկ 5 փետրուարին Ռանքիի մէջ ուշադրութիւն առարկայ դարձաւ ՝՝բնիկ ժողովուրդը՝՝. Կալկաաթայի մէջ, 6 փետրուարին(ուր կը գտնուի Մայր Թերեզայի միաբանութեան կեդրոնը) նիւթը եղաւ ՝՝Եղբայրօգնութիւն՝՝- ը, 7 փետրուարին Գոշինի մէջ խօսուեցաւ ՝՝Աւետարանութեան՝՝ մասին եւ 8 փետրուարին Մումպայի մէջ (ուր վերջ կը գտնէ Ծիրանաւորին ճամբորդութիւնը) անդրադարձ կը կատարուի ՝՝երիտասարդներու, ընտանիքներու եւ երկխօսութեան կարեւորութեան՝՝ ։
Անցեալ հինգշաբթի Վուեսդմինսդէրի երբեմնի Արքեպիսկոպոսը Նիւ Տելհի կեցութեան ընթացքին Մահադմա Կանտտիի յուշարձանը այցելելով նշեց Կանտիի արժանիքները երկրին բարգաւաճումին ի նպաստ ուր ( հաստատեցԿարտինալը ) կրօնական ազատութիւնը կարեւոր տեղ կը գրաւէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.