2011-02-06 14:14:18

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։

Կիրակի փետրուար 6 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, իր գրասենեակի պատշգամէն։
Աղօթքին` իրենց մասնկացութիւնը բերին Կեանքի ի նպաստ գորցող զանազան կաթողիկէ հաստատութիւններու անդամներ գլխաւորութեամբ Հռոմի տեղապահ Կարտինալ Ակոսդինօ Վալլինիի` Կեանքի ի նպաստ օրուան առթիւ, որ Իտալիոյ Եկեղեցին կը յիշատակէ փետրուար ամսուայ առաջին կիրակին։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց Մատթէոսի Աւետարանէն առնուած հետեւեալ համարը ''Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն Դուք է երկրի աղը եթէ աղը կորսնցնէ իր համը ինչո՞վ պիտի համեմուի... դուք էք աշխարհի լոյսը։
Յիսուս` այս պատկերով, Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ուզեց իր աշակերտներուն ցոյց տալ իրենց առաքելութեան նշանակութիւնը ու արժէքը եւ բարի վկայութիւն տալու անհրաժեշտութիւնը։
Նշենք թէ Արեւելեան աշխարհի մէջ աղը կը խորհրդանշէ` դաշինք, զօրակցութիւն, կեանք եւ իմաստութիւն։ Լոյսը Արարիչ Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնն է։ Յիսուսի աշակերտները, ըսաւ Սրբազան հայրը կանչուած են նոր համ տալու աշխարհին , ապականութենէն պահպանելու զայն ։ Յիսուսի միանալով Քրիստոսի հաւատացեալները կարող պիտի ըլլան լուսաւորել աշխարհը Աւետարանի լոյսով ու հեռացնել մարդիկը խաւարի անտարբերութենէն ու եսասիրութենէն։ Արդարեւ Աստուծոյ սիրոյ լոյսը ճշմարիտ իմաստութիւնն է որ իմաստ ու նշանակութիւն կու տայ մեր գոյութեան ու գործունէութեան։
Ապա Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ յառաջիկայ 11 փետրուարին, տօն Լուրտի Տիրամօր, եկեղեցին կը յիշատակէ Հիւանդի Համաշխարհային օրը։ Ասիկա բարեպահետ առիթ մըն է խորհրդածելու, աղօթելու ու աճեցնելու մեր ու ընկերութեան գիտակցութիւնը ձեռք տալու հիւանդին ու տառապեալնին։
Այս տարուայ խորհրդածութեան բնաբանը առնուած է Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթէն. ''Անոր վէրքերէն դուք բուժուեցաք'' կը հրաւիրեմ ամէնքդ մտաբերելու Տէրը` Միածին Որդին, որ շնորհիւ իր չարչարանքին, խաչելութեան, մահուան ու յարութեան փրկուեցանք։ Աստուած հակառակ է չարին։ Տէրը մարդուն հոգատարն է ու խնամակալ։ Կը բաժնէ մարդու ցաւը։ Կը հրաւիրեմ բոլոր հաւատացեալները եւ մասնաւորապէս առողջապահութեան գործիչները հիւանդին մէջ ճանչնալու դիմագիծը Տիրոջ։ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակեց ըսելով Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովուանաւորութիւնը հայցենք որպէսզի ծնողները, մեծ հայրերն ու մայրերը, դաստիարակիչները ու քահանաները եւ բոլոր անոնք որոնք պատասխանատուութիւնը ունին դաստիարակութեան, նոր սերունդը կազմեն սրտի իմաստութեան վրայ, որպէսզի կարողանան հասնիլ կեանքի լիութեան։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի Հրապարակը գտնուող հաւատացեալները սրտագին խօսք մը ուղղելով Եգիպրոսի բնակչութեան յիշեցնելով թէ այդ հողը մասնաւորապէս օրհնուած է Տիրոջմէն շնորհիւ ս. Ընտանիքի ներկայութեան։ Աղօթքս է որ Եգիպտոսը շուտով վերագտնէ իր անդորրութիւնն ու խաղաղ համակեցութիւնը։ Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ բարի շաբաթ մը։
իսկ այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։









All the contents on this site are copyrighted ©.