2011-02-06 09:51:19

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Խրուաթիա Կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան Յայտագիրը` Յունիս 4ին եւ 5ին ։


Իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը աղօթք պիտի կատարէ երանելի Ստեփինաչի դամբարանի առջեւ։
Խրուաթիայ եպիսկոպոսական դասը, անցեալ 20 դեկտեմբերին մամուլին յայտնած է Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը։
4 յունիս 2011ի առաւօտուն, բարի գալուստի արարողութենէն ետք, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը պիտի ունենայ երկրի հանրապետութեան նախագահ Եոզիբովիչին հետ , նախագահական պալատին մէջ։ Ապա առաքելական դեսպանատան մէջ պիտի ընդունի վարչապետը տիկին Եատրանքա Քոզոր, իսկ ազգային թատրոնին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ ազգային ժողովի անդամներու, դիւանագիտական մարմնի ու կրօնապետերու ներկայացուցիչներու հետ։
Իր կեցութեան առաջին օրը պիտի եզրափակուի աղօթքի հսկումով Խրուաթիոյ երիտասարդութեան հետ, մայրաքաղաքի կեդրոնական հրապարակին վրայ։
Յաջորդ օրը Նորին Սրբութիւնը բացօթեայ պատարագ պիտի մատուցանէ ձիարձակարանին մէջ, ընտանիքներու ազգային հաւաքին առթիւ։
Յետմիջօրէին մայրաքաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, հանդիպում մը պիտի ունենայ երկրի եպիսկոպոսներուն ու կղերին հետ, հուսկ պահ մը պիտի աղօթէ երանելի կարտինալ Ստեփինաչին դամբարանին առջեւ։ Յայտնենք թէ 1998ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը երանելի հռչակած էր կարտինալ Ստեփանիչը։ Համայնավարութեան տարիններուն ան ընդդիմացաւ Թիթոյի ազգային եկեղեցի հիմնելու ծրագրին իսկ երկրորդ համաշխարհային պատերազմին, պայքարեցաւ հալածուած ու հարստահարուած մարդոց իրաւունքը պաշտպանելու համար եւ այդ պատճառաւ ալ ձերբակալուեցաւ։
Խրուաթիայի 5 միլիոն բնակչութեան աւելի քան 80 տոկոսը կաթողիկէ են, իսկ 10 տոկոսը օրթոտոքս։








All the contents on this site are copyrighted ©.