2011-02-06 09:46:52

Շուէտացի Նախարարի ՝՝Հայոց Ցեղասպանութեան՝՝ Մասին Յայտարարութիւնը Թուրքիոյ Ճնշումովը Կը Վերցուի Կառավարութեան Կայքէջէն։


Թրքական ՜՜Հիւրրիյէթ՜՜ օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական կողմին ձեռնարկած քայլերուն իբրեւ արդիւնք, օրեր առաջ Շուէտի համարկման նախարար Էրիք Ուլենհակի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութիւնը վերցուած է Շուէտի կառավարութեան պաշտօնական կայքէջէն։
Ըստ թրքական օրաթերթին, 27 յունուարին ՝՝Հրէական Ողջակիզումի՝՝ զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին, Ուլենհակի կատարած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ թուրք պաշտօնատարները կապ հաստատած են իրենց շուէտացի գործընկերներուն հետ եւ մտահոգութիւն յայտնած։ Շուէտական կողմը Անգարային տեղեկացուցած է, թէ Ուլենհակի յայտարարութիւնները չեն արտացոլեր Շուէտի կառավարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին վերաբերեալ պաշտօնական տեսակէտը, եւ կառավարութեան կայքէջէն վերցուած են նախարարին խօսքերը։
Յիշեցնենք, որ 27 յունուարին Շուէտի Սինակոկներէն մէկուն մէջ նախարար Էրիք Ուլենհակ խօսելով Ողջակիզումին մասին վկայած էր Ատոլֆ Հիթլերի ՝՝ո՞վ կը յիշէ հայերու բնաջնջումը՝՝ յայտնի արտայայտութիւնը՝ յայտնելով, որ հրեաներու ցեղասպանութիւնը իրականացնելու հարցին մէջ Հիթլեր նեշնչուած էր Թուրքիայէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.